image

Լիբանանցի հոգեւորական Մաժտի Ալաուիի որդւոյն մահը. Խորհրդաւոր պայմաններու տակ

Լիբանանցի  հոգեւորական  Մաժտի Ալաուիի որդւոյն մահը. Խորհրդաւոր պայմաններու տակ

Ընկերային ծառայութիւններու մէջ մեծ նուիրում ունեցող Լիբանանցի  հոգեւորական Մաժտի Ալաուի որդին՝Մաթիոն մահացած գտնուած է իր բնակարանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Lebanon-24 կայքէն։

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ մինչեւ հիմա յայտնի չեն երիտասարդին մահուան իսկական պատճառները եւ նոյն առումով անոր ընտանիքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, հանրութիւնէն խնդրելով լռութիւն պահել  իրենց որդւոյն մահուան  պատճառները քննարկելու վերաբերեալ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մաժտի Ալլաուի Շիիթ համայնքի անդամ լիբանանցի մըն է, որ ինքզինք նուիրած է եկեղացական ծառայութեան։ Ան մկրտեալ քրիստոնեայ դարձած է ու ստացած հոգեւորականի կոչում եւ մեծ ճանաչում ունի շնորհիւ ընկերային ոլորտին մէջ իր ծաւալած  աշխոյժ գործունէութեան։

Նշենք նաեւ, որ Ալլաուի, քարոզախօսական նպատակներով այցելութիւն տուած է Հայաստան եւ եղած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիւր- քարոզիչը։