Ամերիկահայ ազգային քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան յուզիչ գրառումով մը կը յիշէ հայ ազգի նուիրեալ զաւակներէն՝ Լեւոն Հայրապետեանը, որ ինը տարի առաջ՝ 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, մահացաւ ռուսական բանտին մէջ։ Անոր խօսքերուն մէջ կը հնչէ ոչ միայն մեծ հայորդիի մը կորստեան ցաւը, այլեւ՝ ազգային պատասխանատուութեան եւ մեր հաւաքական լռութեան դառն դատապարտումը։
Ստորեւ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը։
Ինը տարիներ առաջ այս օրը, Ռուսական բանտի մէջ մահացաւ մեծ հայ եւ ազգի նուիրեալ Լեւոն Հայրապետյանը: Շատ ցաւալի է, որ զինք անիմաստ քաշքրտուքներով արգելափակուած պահեցին, փորձեցին ընկճել իր խրոխտ ոգին, եւ այդպէս ալ սպաննեցին հայ զինուորը: Իսկ խորագոյն ցաւը այն է, որ մենք բոլորս զինք լքեցինք, արտօնեցինք որ զինք ընկճեն, սպաննեն:
Լեւոնը աւելիին էր արժանի…։