Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շուրջ քաղաքական բանավէճը կը շարունակուի՝ երբեմն ալ բացայայտելով քննարկողներուն գիտելիքներու լուրջ բացերը։
Հանրայայտ պատմաբան՝ Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը՝
Համացանցն ու սոցիալական փոխյարաբերութիւններու կայքերը երբեմն այնքա՜ն գրգռող են իրենց տարածած բովանդակութեամբ, որ փորձութեան կ’ենթարկուիս, անմիջական գործերդ կը թողուս ու կը զգաս պոռթկալու անհրաժեշտութիւնը...
Մի քանի օր առաջ, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ պատուիրուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մասին զեկոյցը բնականաբար նոր իւղ աւելցուց վերջին 1-2 տարին ընթացող բանավէճին վրայ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին «բարեկարգելու» ելած եւ զանիկա «Ալլահշիւքիւր Փաշազատէէն փրկողներուն» միջեւ։
Զեկոյցին մէջ Գարեգին Բ Կաթողիկոսին ուղղուած մեղադրանքներէն մէկը իր գահակալութեան ամբողջ ընթացքին, այսինքն՝ ցարդ 27 տարի Ազգային Եկեղեցական Ժողով չգումարելն է։ (Ի դէպ, չեմ գիտեր ո՛ւր կրնամ գտնել զիս հետաքրքրող հարցի պատասխանը թէ Վազգէն Ա-ի քառասնամեայ գահակալութեան տարիներուն, անիկա քանի՞ անգամ գումարուած է։)
Ու այս մեղադրանքը բնականաբար սկսած է քննարկուիլ քաղաքական հարցազրոյցներու կամ բանավէճերու ժամանակ, որոնք կը հեռասփռուին կամ հասանելի են համացանցի վրայ։
Կիրակի օր, Հանրային Հեռուստատեսութեան կազմակերպած բանավէճին ժամանակ, Էջմիածինն ու անոր գահակալը վարչապետ Փաշինեանէն պաշտպանելու ելած բանաստեղծ մը կը հակադարձէր թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մի քանի ամիս փորձած էր գումարել ժողով, բայց իշխանութիւնները արգելք հանդիսացած էին։ Եկեղեցւոյ այս «պաշտպանին» գիտելիքներու սահմանին մէջ չ’իյնար Ազգային Եկեղեցական Ժողովի ու եպիսկոպոսական հաւաքի տարբերակումը։ Ակնարկուած հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ լոկ եպիսկոպոսներու արտահերթ ժողով մըն էր եւ ո՛չ թէ Ազգային Եկեղեցական Ժողով, որուն մասին համացանցի վրայ փնտռտուք կատարելը կամ արհեստական բանականութեան որեւէ գործիքի հարցնելը նուազ քան մէկ րոպէ կը տեւէ։ Նոյն բանաստեղծը վրդովուած էր ու գողը յանցանքի վրայ բռնողի խանդավառութեամբ կը պնդէր թէ կաթողիկոսական աթոռը Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ ո՛չ թէ Թադէոս առաքեալի հետ կապելը սխալ է եւ անընդունելի։
Անցնի՛նք առաջ։
Աւելի ուշ, միայն անցեալ Յունիսին Ազգային Ժողովի պատգամաւոր դարձած կարկառուն ՔՊ-ական մը, որ մինչ այդ նոյն կուսակցութեան լրատուական կայքի գլխաւոր դէմքերէն էր, «Բուն TV»-ին տուած հարցազրոյցի մը ժամանակ, կրկնեց մեղադրանքը։ Եւ երբ հարցազրուցավարը փորձեց պատգամաւորէն ճշդել 27 տարի չգումարուած ժողովին անունը, պարզուեցաւ թէ վերջինս չի գիտեր այն ժողովին անունը, որուն չգումարուիլը կը քննադատէր...
Աստուած թող պահէ Իր՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հոգեւորական դասէն, Եկեղեցին բարեկարգելու ելած կամ զանիկա քաղաքական-իշխանական միջամտութենէ պաշտպանող քաղաքական գործիչներէն, մտաւորականներէն, լրագրողներէն, նոյնիսկ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սովորական հետեւորդներէն յոյս չկայ։
Բոլոր աղմուկ բարձրացնողները իրենց քաղաքական փորի ցաւերն ունին, ուրիշ՝ ոչի՛նչ։ Իրենց համար Եկեղեցին յիշատակելը քաղաքական հակառակորդը ջախջախելու իրենց լծուած աշխատանքին մէջ օգտագործուող գործիքներէն մէ՛կն է միայն։
Նոյնիսկ հրատարակուած զեկոյցին մէջ անտես եղած են Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շարք մը կարեւոր մարտահրաւէրներ, որոնք հոգեւոր են ու քաղաքական հնչեղութիւն չունին... Զեկոյցը պատուիրուած է քաղաքական ոյժի կողմէ...