Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական սուր տագնապը սկսած է ծանր հետեւանքներ ունենալ նաեւ առողջապահական ոլորտին վրայ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Skynewsarabia կայքէն, որ վերջերս հանրութեան ներկայացուցած է առողջական բարդ խնդիրներ ունեցող 3-ամեայ աղջկայ մը պատմութիւնը։
Աղբիւրը կը գրէ, թէ վերջերս համացանցով տարածուած տեսանիւթ մը ցնցած է Լիբանանը: Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքէն հայր մը՝ Ֆարուք Համուի, տեսաերիզի միջոցով օգնութիւն կը խնդրէ՝ փրկելու իր 3-ամեայ դուստրը, որ կը տառապի մնայուն շնչարգելութենէ (asthma) եւ շարունակ կարիքը ունի թթուածին մատակարարող սարքին. սակայն որովհետեւ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւն ընդհանրապէս չկայ եւ ելեկտրածին շարժակները գործի մղելու համար վառելանիւթ չկայ, հայրը մատնուած է անել վիճակի:
Այս տեսանիւթի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, օժանդակութեան կոչերն ու նախաձեռնութիւնները սկսած են: Շատեր ուղարկած են արեւային ճառագայթով աշխատող շարժակներ, ուրիշներ՝ վառելանիւթ:
Ըստ աղբիւրին, Մալաքէն ի ծնէ կը տառապի այս հիւանդութեամբ, ան կ'ապրի իր հօր, հիւանդ մեծ հօր ու մեծ մօր հետ: Հայրը՝ Ֆարուք 25 տարեկան, ընտանիքին միակ աշխատողն է, սակայն Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառաւ փակած է իր գործատեղին:
Ի դէպ Մալաքէի մեծ մօր կարծիքով, երկու օր առաջ Թրիփոլիի բողոքի ցոյցերուն պատճառը եղած է իր թոռնիկի մահուան կեղծ լուրը, որ տարածուած էր համացանցով: Մալաքէի ընտանիքը յայտնած է իր երախտագիտութիւնը լիբանանցիներուն, որոնք այնքան արագ ձեւով արձագանգած են կոչին:
«Իմ ստացած յաւելեալ շարժակը նուէր պիտի տամ 9 ամսական ուրիշ հիւանդ աղջկայ մը, կը խոստանամ, որ ինչ օգնութիւն որ ստանամ, պիտի բաժնեմ աղջկաս նման հիւանդ երեխաներուն»,- ըսած է հայրը: