Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ այսօր տեղի ունեցած է զոհուած զինծառայողներու մարմիններու հերթական փոխանակումը՝ Պելառուսիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՊելԹԱ» գործակալութիւնը։
Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ փոխանակումը տեղի ունեցած է «Նովայա Կութա» անցակէտին մօտ։ Ռուսական կողմը ուքրանական կողմին յանձնած է 252 դի, իսկ Ուքրանիան՝ Ռուսիոյ 25 դի։
Գործակալութիւնը նշած է, որ Պելառուսիոյ տարածքին արդէն իրականացուած է աւելի քան 70 մարդասիրական եւ փոխանակման առաքելութիւն։