«Արեւելք»-ի հարցազրոյցը Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբի ասիական պատմական հիւրախաղերու մենակատար սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի հետ
Վերջերս Հայաստան կը գտնուէր լիբանանահայ ճանչցուած սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան։ Այս անգամ ան Հայաստան ժամանած էր ոչ միայն որպէս արուեստագէտ, այլեւ որպէս այն հազուագիւտ ձայներէն մէկը, որոնք Սփիւռքէն հայրենիք եւ հայրենիքէն դէպի աշխարհ կը տանին հայ երաժշտութեան շունչը։
Շողիկ Թորոսեան, սոփրանօ, հրաւիրուած էր մասնակցելու Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբի աննախընթաց ասիական հիւրախաղերուն, որոնք նուիրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-րդ տարեդարձին։
Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ նուագախումբը, Լոնտոնէն ժամանած բրիտանաբնակ մայէսթրօ Սիփան Օլահի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ, խմբավարութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 21-30-ին հիւրախաղեր կ՚ունենայ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։ Այս պատմական շրջագայութեան մենակատար սոփրանոն Շողիկ Թորոսեանն է։
Համերգաշարի մեկնարկը տրուեցաւ Սեպտեմբեր 18-ին՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ։ Հնչեցին Էտուարտ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Կոմիտասի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Էտուարտ Կրիկի ստեղծագործութիւնները։
Այնուհետեւ նուագախումբը մեկնեցաւ Հնդկաստան, ուր համերգները հովանաւորեց Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը։ Ձեռնարկները մեծ յաջողութեամբ կայացան Սեպտեմբեր 21-ին՝ Կալկաթայի պատմակամ «Վիքթորիա Մեմորիալ»-ին մէջ, Սեպտեմբեր 23-ին՝ Նիւ Տելհիի «Լոթիւս տաճար»ին մէջ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աֆեանի, Հնդկաստանի ԱԳՆ քարտուղար Ռուտրենտրա Թանտոնի եւ 42 երկիրներու դեսպաններու ներկայութեամբ, եւ Սեպտեմբեր 24-ին՝ Չեննայի (Մատրաս) Երաժշտական ակադեմիայի պատմական սրահին մէջ։
Ապա նուագախումբն ու արուեստագէտները անցան Չինաստան, ուր Սեպտեմբեր 27-ին ելոյթ ունեցան Չժունշանի Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի Մեծ թատրոնին մէջ։ Այսօր՝ Սեպտեմբեր 29-ին, նախատեսուած է համերգ Փեքինի համալսարանի հարիւրամեակի յուշահամալիրի «Լի Ին» համերգասրահին մէջ, իսկ վաղը՝ Սեպտեմբեր 30-ին, շրջագայութիւնը պիտի եզրափակուի Շանհայի միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջագիծին մէջ կայանալիք բացօթեայ համերգով։
Մեկնումէն առաջ «Արեւելք» զրուցեց Շողիկ Թորոսեանի հետ՝ երաժշտութեան, Հայաստանի, Լիբանանի, Սփիւռքի եւ այն անտեսանելի կամուրջներուն մասին, որոնք երբեմն աւելի ամուր կը դառնան մէկ երգի, մէկ ձայնի կամ մէկ բեմի շնորհիւ։
-Այս անգամ Հայաստան գտնուելու Ձեր առիթը բացառիկ էր, տիկի՛ն Թորոսեան։ Պատմեցէ՛ք ատոր մասին։
Այս անգամուան առիթը այն է, որ Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբին հետ, բրիտանահայ, բայց արմատներով լիբանանցի մայէսթրօ Սիփան Օլահի նախաձեռնութեամբ, ասիական հիւրախաղեր պիտի ունենանք Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։ Ես ընտրուած եմ իբրեւ այս հիւրախաղերու միակ մենակատար սոփրանօն։
Հայաստանեան համերգը հիւրախաղերու մեկնարկն էր եւ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 18-ին՝ Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ։ Նուագախումբը, մայէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ, ունեցաւ իսկապէս բացառիկ ելոյթ մը, որուն համար շատ ուրախ եմ։
-Համերգի երգացանկը թեմաթի՞ք էր, զուտ հայկակա՞ն։
Առաջին բաժինը նուիրուած էր հայ երաժիշտներու՝ Խաչատուրեանին, Միրզոյեանին, Սպենդիարեանին, Աւետիսեանին, Պապաճանեանին, Կոտոյեանին եւ, անշուշտ, Կոմիտասին։ Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Էտուարտ Կրիկին։ Շատ գեղեցիկ եւ ամբողջական յայտագիր մըն էր։ Այս նոյն յայտագիրով է, որ այժմ կը ներկայանանք Ասիոյ մէջ պիտի ներկայանանք տարբեր երգացանկերով։
-Ինչո՞ւ ընտրուեցաւ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի ուղղութիւնը։
Մայէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ՝ նուագախումբը արդէն քանի մը հիւրախաղեր ունեցած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Այս անգամուան ուղղութիւնը դէպի Ասիա է։ Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայանայ Հնդկաստանի, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ։ Նշեմ նսեւ, որ կարգ մը բաժիններ առսջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուին այդ երկիրներուն մէջ։
Հետաքրքրական է, որ թէ՛ առաջին անգամ ըլլալով դէպի Ասիա է ուղղութիւնը, եւ թէ՛ մենակատար սոփրանօն սփիւռքահայ է։ Այս խումբին պատմութեան մէջ նախապէս եղա՞ծ են սփիւռքահայեր։
Չեմ գիտեր՝ նախապէս եղա՞ծ է թէ՞ ոչ, բայց կարծեմ՝ Ազգային կեդրոնը ունեցած է յատուկ ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս սփիւռքահայ արուեստագէտներ կը հրաւիրէին ելոյթ ունենալու հայրենիքի մէջ։
Իմ պարագայիս՝ այս խումբին հետ իմ երրորդ ելոյթս է։ Անցեալ Փետրուարին Լիբանան կատարելիք հիւրախաղէն առաջ, ունեցանք մեծ համերգ մը Երեւանի մէջ, որուն յաջորդեց Լիբանանի համերգը, որ կազմակերպեց համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, հովանաւորութեամբ Պրն Ալեքքօ Պեզիքեանի նուիրուած իր տիկնոջ Անի Պէզիոեանի յիշատակին։ Այդ համերգէն ետք ալ մեր կապը շարունակուեցաւ։
Մայէսթրօ Սիփան Օլահ շատ մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի խումբը կարենայ հիւրախաղերով ներկայանալ արտասահմանի մէջ։ Ընդհանրապէս երգացանկը եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մեծ մասը ինք կը վարէ։ Երաժշտութեան մեծ մասն ալ իր մշակումներն են՝ յարմարցուած կամերային նուագախումբի եւ ձայնի։
-Դուք, որպէս սփիւռքահայ, ինչպիսի՞ զգացական եւ ստեղծագործական կապ ունիք հանրութեան, մանաւանդ՝ Հայաստանի հանդիսատեսին հետ։
համերգային փորձառութիւնը հայրենիքին մէջ սկսած է 2016-ին։
Մէկ անգամ ելոյթ ունեցած եմ Հայաստանի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին հետ, իսկ երկրորդ անգամ՝ հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ՝ Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ։ Ուրեմն՝ ասիկա չորրորդ համերգս է Հայաստանի մէջ։
Ինծի համար Հայաստանի հանդիսատեսը շատ ջերմ է։ Թէեւ քիչ մը դժուարահաճ է եւ բարձր պահանջքներ ունի, բայց վերաբերմունքը շատ դրական է։ Բազմաթիւ շնորհաւորանքներ կը ստանամ, երբեմն ալ՝ զարմանքի արտայայտութիւններ, թէ սփիւռքի մէջ այս մակարդակի արուեստ կայ։
Այս համերգներուն իմ մասնակցութիւնս, որպէս սփիւռքահայ, շատ կարեւոր կը նկատեմ։ Որքան որ անիկա հպարտութեան առիթ է, նոյնքան ալ պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ որոշ չափով կը ներկայացնեմ սփիւռքը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մէկ փոքրիկ կամուրջը։
Որքան ալ սփիւռքի մէջ մեր գաղութն ու մշակոյթը բարձր պահենք եւ փորձենք լաւագոյնը փոխանցել նոր սերունդին, հայրենի արուեստագէտտներու հետ ալ գործակցութիւնը իր նպաստը կը բերէ այս գործի յաջողութեան։ Այս մէնը երկկողմանի գնահատանք եւ աշխատանք է։ Թէ՛ հայաստանցիները կը գնահատեն սփիւռքի աշխատանքը, եւ թէ՛ մենք՝ իրենցը։ Երկուստեք զիրար կը լրացնենք։
Նոր սերունդի պատրաստութեան համար ալ յաճախ կը հրաւիրենք Հայաստանի արուեստագէտները, որպէսզի իրենց աւանդը բերեն մեր երեխաներու կրթութեան։
-Յաճախ հոս էք։ Պէյրութի մէջ ձեր գործունէութեան ընթացքին ալ միշտ յատուկ շեշտ կը դնէք Հայաստանի վրայ։ Ուրկէ՞ կու գայ ատիկա։
Մենք մեծցած ենք Հայաստանի սիրով։ Փոքր տարիքէն մեր մէջ Հայաստանը, Արարատն ու Մասիսը յատուկ տեղ ունեցած են։ Մեր երազն էր օր մը գալ եւ տեսնել Հայաստանը։
Վերջին տարիներուն, երբ առիթները շատցան եւ կապերը աւելի բացուեցան, ամէն անգամ որ Հայաստան կու գամ, տակաւին չվերադարձած՝ արդէն կը կարօտնամ։ Մենք դաստիարակուած ենք այն գիտակցութեամբ, որ պէտք է սիրենք, պաշտպանենք ու պահպանենք մեր հայրենիքն ու մշակոյթը։
-Գիտենք, որ Լիբանանը նախապէս շատ աւելի լաւ վիճակի մը մէջ էր եւ հայկական կտրուածքով ալ փայլուն օրեր ունեցած երկիր մըն է։ Հիմա, երբ Լիբանանի օրերը այդքան ալ արեւոտ չեն, այս ժխտական իրավիճակն ու «մոխրագոյն ամպերը» կ՚ազդե՞ն ձեր գործունէութեան վրայ։
Անշուշտ, կան օրեր, երբ կը զգաս, թէ քաղաքը պարպուած է։ Կը կարօտնաս այն անձերը, որոնք կային եւ այսօր չկան։ Բայց մենք մեր ջանքը կը թափենք նոր սերունդ պատրաստելու, որպէսզի հիներուն տեղը նորերը գան եւ պարապութիւն չմնայ։
Մեր մշակութային միութիւնները բաւական աշխատանք կը տանին նոր ուժեր պատրաստելու ուղղութեամբ եւ միշտ ալ յաջողած են։ Ես կը հաւատամ, որ պիտի շարունակեն յաջողիլ։
-Իբրեւ մշակոյթի գործիչ , ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Լիբանանի ապագան։ Մտահոգութիւններ կա՞ն, թէ՞ Լիբանանը նման «ամպեր» շատ տեսած է։
Լիբանանը շատ տեսած է նման ամպեր եւ միշտ ոտքի կանգնած է։ Լիբանանի համար վախ չկայ։ Այսուհանդերձ, Լիբանանի մէջ մեր մշակութային ձեռնարկներու սրահները միշտ լեցուն են մշակութասէր հանրութեամբ։ Այս մէկը շատ բան կը նշանակէ։ Կը նշանակէ, որ տակաւին իրարու կապուած ենք, իրարու կ՚օգնենք եւ չենք տկարանար։
-Ի՞նչ են ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնները այսօրուան Երեւանէն։
Ես միշտ լաւ տպաւորուած եմ հայրենիքէս եւ մեծ յոյսեր ունիմ։ Գիտեմ, որ մութ ամպերը պիտի հեռանան մեր երկինքէն եւ արեւը միշտ պիտի ծագի։
Երեւանի մշակութային կեանքը մեծ աշխուժութիւն կը հաղորդէ մեզի։ Ամէն օր ձեռնարկ կայ՝ սիմֆոնիք կամ ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու համերգներ, Օփերայի ներկայացումներ... Ասիկա իսկապէս հիանալի է եւ ինծի համար շատ բան կը նշանակէ։
-Յաճախ կը նշուի, որ եթէ ուրիշ երկիրներ զէնք ու բանակ ունին, մենք ալ ունինք մեր մշակոյթը։ Այսօրուան աշխարհին մէջ ի՞նչ կայ պակաս մեր «մենիւին» մէջ՝ մշակոյթը ըստ արժանւոյն ներկայացնելու եւ զայն իրական զէնքի վերածելու համար։
Մշակոյթի եւ արուեստի մարզին մէջ հայ ժողովուրդը արդէն իսկ ունի իր ուրոյն տեղն ու ստորագրութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Մեր երաժիշտներն ու արուեստագէտները միայն մեզի չեն պատկանիր, այլ միջազգային համբաւ ունին։ Մենք մշակութային գետնի վրայ որակ փաստելու պակաս չունինք։
Օրինակ՝ մայէսթրօ Սիփան Օլահը, որ արմատներով լիբանանահայ է, Լոնտոնի մէջ հսկայական աշխատանք կը տանի որպէս հայ արուեստագէտ։ Այս նուագախումբը, իր ղեկավարութեամբ, արդէն շուրջ 19 քաղաքներու մէջ ելոյթներ ունեցած է։ Ուր որ ալ ներկայանան, մարդիկ կը հիանան իրենց կատարումներով։
Սիփանը, ըլլալով երիտասարդ երաժիշտ, խմբավար եւ թենոր, իր կազմակերպած հիւրախաղերով լաւագոյնս կը ներկայացնէ մեր արուեստը։ Ասիկա այն աշխատանքն է, որուն մասին կը խօսինք՝ մշակոյթը ոչ միայն պահպանել, այլեւ աշխարհին ներկայացնել։
-Անցեալին Լիբանանի երաժշտական ոլորտին մէջ հայ գործիչները շատ էին՝ Պօղոս Ճէլալեան եւ նման անուններ։ Նո՞յնն է պատկերը այսօր։
Այո՛, տակաւին կան հայ դէմքեր, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին։ Օրինակ՝ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիքի խմբավար մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանը, Կարօ Աւեսեանը, որ նախապէս հոն էր, եւ ուրիշներ, որոնք ծանրակշիռ անուններ են Լիբանանի երաժշտական աշխարհին մէջ։
-Կը մտածէ՞ք օր մը Հայաստան փոխադրուիլ։
Հայաստան փոխադրուիլը դժուար որոշում է, որովհետեւ ընտանիք, գործ եւ պարտաւորութիւններ կան։ Բաւական բան պէտք է ձգենք հոս՝ փոխադրուելու համար։ Բայց այդ փափաքը միշտ կայ։ Միայն թէ պատեհ առիթներ պէտք է ըլլան։
Մինչ այդ շատ ուրախ եմ այս առիթին համար։ Ուրախ եմ, որ հոս եմ եւ պիտի ներկայացնեմ Լիբանանը։ Կ՚ուզեմ, որ թէ՛ լիբանանահայերը եւ թէ՛ լիբանանցի ժողովուրդը հպարտութիւն զգան իմ ելոյթներովս։
Շնորհակալ եմ մայէսթրօ Սիփան Օլահին՝ այս առիթը ընձեռելուն համար, ինչպէս նաեւ Կամերային Նուագախումբի տնօրէնութեան եւ կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէնութեան որ զիս ընտրեցին ըլլալու այս հիւրախաղեր մենակատար սոփրանօն։
Շնորհակալ եմ ընտանիքիս եւ բոլոր անոնց, որոնք իմ կողքիս են։ Իսկ ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն։
-Շնորհակալ եմ։








