image

Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը գումարեց իր տարեկան ժողովը՝ վերահաստատելով միասնական ծառայութեան յանձնառութիւնը

Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը գումարեց իր տարեկան ժողովը՝ վերահաստատելով միասնական ծառայութեան յանձնառութիւնը

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը տարեկան ժողովին ընթացքին վերահաստատեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն կողքին կանգնելու իր յանձնառութիւնը, քննարկեց աշխարհասփիւռ հայ աւետարանական եկեղեցիներու մարտահրաւէրները եւ որոշեց մէկ տարիով  երկարաձգել նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի պաշտօնավարութեան շրջանը։

Ստորեւ «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնը՝

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր տարեկան ժողովը գումարեց 16 Հոկտեմբեր 2026-ին, Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքին մէջ գտնուող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կեդրոնատեղիին մէջ։

ՀԱՀԽ-ի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ողջունեց Խորհուրդի անդամներն ու հիւրերը, ապա հրաւիրեց գործադիր տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճէքեանը՝ առաջնորդելու աստուածաշնչական կարճ խորհրդածութիւն մը եւ կատարելու բացման աղօթքը՝ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծելով յաջորդող խորհրդակցութիւններուն եւ քննարկումներուն համար։

Ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի, Եւրասիոյ, Ֆրանսայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւններու պատուիրակները, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸ-ի եւ Սթիվըն Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչները։

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը ներկայացուցին Միութեան նախագահի տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։

Պատուիրակները լսեցին ծառայութիւններու տեղեկագիրները եւ անդրադարձան աշխարհասփիւռ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցան նորահաս սերունդներուն մէջ քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու, ծառայութեան շարունակականութիւնը ապահովելու եւ հայրենիքի ու սփիւռքի համայնքներու փոփոխուող պայմաններուն արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը։

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն՝ այս յոբելեանը նկատելով հոգեւոր կոչումը վերանորոգելու եւ միասնական վկայութիւնը զօրացնելու առիթ։

Ներկայացուեցաւ թուայնացման եւ արխիւացման ծրագրին յառաջընթացին մասին համապարփակ տեղեկագիր մը։

Գնահատելով այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ Խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց շարունակել այս արժէքաւոր ծրագրին յառաջմղումը։

Նոյնպէս Խորհուրդը հաստատեց, որ Համաշխարհային Հովիւներու Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանքաւանի ճամբարին մէջ, 27-էն 30 Սեպտեմբեր 2027-ին։

Քննարկումներուն առանցքը կազմեց առաքելութեան ընդհանուր տեսլականին հետապնդումը՝ հիմնուած առաւել սերտ գործակցութեան, փոխադարձ քաջալերանքի եւ հաւաքական պատասխանատուութեան վրայ։

Մէկ այլ կարեւոր որոշումով՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը միաձայն քուէարկութեամբ որոշեց իր ներկայ նախագահին՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգել մէկ տարիով։

ՀԱՀԽ վերահաստատեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին կողքին միասնական ոգիով կանգնելու իր յանձնառութիւնը՝ ի նպաստ անոր ապահովութեան, բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան։

Թող Աստուած շարունակէ առաջնորդել մեր քայլերը եւ օրհնել մեր հաւաքական ծառայութիւնը՝ Իր փառքին համար։