image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուի վերջին ճակատամարտը. Իսրայէլը դէպի ո՞ւր

Նաթանիահուի վերջին ճակատամարտը. Իսրայէլը դէպի ո՞ւր

Իսրայէլը կրկին ընտրութեան շեմին է։ Բայց 27 Հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունենալիք ընտրութիւնը սովորական ընտրութիւն մը չէ։ Այս ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան 7 Հոկտեմբեր 2023-ի «Համաս»-ի յարձակումէն երեք տարի անց, պատերազմներու, անվտանգային ցնցումներու, ներքին պառակտումներու եւ քաղաքական պատասխանատուութեան շուրջ շարունակուող վէճերու մթնոլորտին մէջ։

Այս անգամ իսրայէլացի ընտրողը պարզապէս պիտի չորոշէ, թէ ո՞ր կուսակցութիւնը պիտի ստանայ աւելի շատ քուէ։ Ան պիտի որոշէ նաեւ, թէ արդեօք Բենիամին Նաթանիահուի երկարամեայ իշխանութիւնը դեռ ունի՞ ապագայ, թէ՞ երկիրը պատրաստ է քաղաքական նոր էջ մը բանալու։

Եւ այստեղ կայ ընտրութեան ամբողջ բարդութիւնը. Նաթանիահուի դէմ ըլլալը մէկ բան է, իսկ անոր փոխարէն կառավարութիւն մը կազմելը՝ բոլորովին ուրիշ բան։

61-րդ աթոռին ճակատամարտը

Իսրայէլի Քնեսէթը ունի 120 աթոռ, իսկ կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 61 պատգամաւոր։ Հետեւաբար ընտրական ամբողջ  թուաբանութիւնը, ի վերջոյ, կը վերածուի մէկ թիւի՝ 61-ի։

5 Հոկտեմբերի դրութեամբ հարցումներու միջինները Նաթանիահուի աջակողմեան եւ կրօնական դաշինքին կու տային շուրջ 55 աթոռ, մինչ անոր հակառակորդ սիոնական կուսակցութիւնները կը գտնուէին շուրջ 49  աթոռ   շահելու  մակարդակին։  Միւս կողմէ կայ  կարեւոր պարագայ մը, որ  արաբ  պատգամաւորներու պարագան է, ու  վերջին տուեալներովխ արաբական ցուցակները կրնան ստանալ շուրջ 12-13 աթոռ։

Թուաբանութիւնը պարզ է. ոչ մէկ ճամբար այսօր առանձինն   պիտի չկարողանայ  հաւաքել 61 աթոռ ։

Աւելին՝ առանձին հարցումները միշտ նոյն պատկերը չեն ներկայացներ։  Իսրայէլեան Channel 12-ի 5 Հոկտեմբերի հարցումը, օրինակ, ընդդիմադիր ուժերուն կը վերագրէր շուրջ 54 աթոռ, իսկ Նաթանիահուի դաշինքին՝ 49։ «Լիքուտ»-ը կը ստանար շուրջ 21 աթոռ, իսկ Գատի Այզենքոթի «Եաշար»-ը՝ շուրջ 23։

Այս տարբերութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք կը յուշեն, որ ընտրութեան ներկայ փուլին որեւէ կողմի յաղթանակը կանխատեսել դեռ վաղ է։

Ուրեմն հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ո՞վ առաջին տեղը պիտի գրաւէ։

Իրական հարցը՝ ո՞վ պիտի կարենայ 61-րդ աթոռը  «գրաւել»։

 

Նաթանիահու. վերադարձի՞ ճանապարհ, թէ՞ վերջին ճակատամարտ

Միւս կողմէ մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը գրեն,  թէ Նաթանիահու տակաւին ունի  «նոր վերադարձ»ի մը  իրական հնարաւորութիւնը։

Անոր քաղաքական ուժը կը մնայ ամուր, իսկ աջակողմեան եւ կրօնական կուսակցութիւններու հետ դաշինքը տակաւին ունի նշանակալի ընտրական զանգուած։ Աւելին, վերջին շաբաթներուն Նաթանիահուի ճամբարը որոշ չափով բարելաւած է իր դիրքը։ Սեպտեմբերի սկզբին անոր դաշինքը կը գտնուէր շուրջ 52 աթոռի մակարդակին, իսկ Հոկտեմբերի 5-ի միջիններով՝ շուրջ 54.6-ի։

Բայց այստեղ եւս պէտք է կանգ առնել։

54 կամ 55 աթոռը 61 չէ։

Եւ քաղաքականութեան մէջ երբեմն տարբերութիւնը վեց աթոռ է, բայց այդ վեց աթոռը կրնայ բաժնել իշխանութիւնը ընդդիմութենէն։

Նաթանիահուի ամենամեծ առաւելութիւնը իր քաղաքական փորձառութիւնն է։ Ան Իսրայէլի ժամանակակից պատմութեան ամենաերկարակեաց եւ ամենափորձառու քաղաքական գործիչներէն մէկն է։ Ան գիտէ, որ ընտրութիւնները միշտ չէ, որ կը վճռուին միայն քուէատուփին մէջ։ Երբեմն անոնք կը վճռուին ընտրութենէն ետք՝  դաշինք  կազմելու բանակցութիւններու սենեակներուն մէջ։

Նաթանիահուն այդ խաղը լաւ գիտէ։

Բայց այս անգամ անոր ուսերուն վրայ կայ նաեւ ծանր քաղաքական ժառանգութիւն մը։

7 Հոկտեմբեր 2023-ը տակաւին փակուած էջ մը չէ։

Ո՞վ պատասխանատու էր այդ օրուան անվտանգային ձախողումներուն համար։ Արդեօք պատերազմի տարիներուն   (նկատի  ունիմ մանաւանդ Կէզզայի մէջ շղթայազերծուած պատերազմի  պարագան) Իսրայէլ հասած է՞ իր ռազմավարական նպատակներուն։ Որքա՞ն երկար պէտք է շարունակուի պատերազմական տրամաբանութիւնը։ Եւ, ամենակարեւորը, իսրայէլացի ընտրողը տակաւին կը վստահի՞ այն ղեկավարութեան, որ երկիրը առաջնորդեց այս ամբողջ շրջանին։

Նաթանիահուի ընդդիմադիրները այս հարցերը կը վերածեն պատասխանատուութեան խնդրի։ Նաթանիահուն, իր հերթին, կը փորձէ ընտրութիւնը ներկայացնել անվտանգութեան, փորձառութեան եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներուն դիմակայելու կարողութեան տեսանկիւնէն։

Երկու պատմութիւններ իրարու դէմ կը դրուին։

Մէկը կ'ըսէ՝ երկիրը պէտք ունի փորձառու ղեկավարի։

Միւսը կը հարցնէ՝ իսկ այդ փորձառու ղեկավարը պէտք չէ՞ արդեօք պատասխանատու ըլլայ  վերջին  տարիներուն թոյլ տրուած   բացայայտ սխալներուն  համար։

 

Ընդդիմութիւնը պատրա՞ստ է իշխանութեան

Նաթանիահուի ճամբարի թուլութիւնը տեսանելի է։ Բայց ընդդիմութեան ուժը  տակաւին  ամբողջական չէ։

Նաթանիահուի հակառակորդները կրնան միասին ստանալ աւելի շատ աթոռներ, սակայն այդ ուժերը մէկ միասնական քաղաքական ճակատ չեն ներկայացներ։

Կեդրոնական, աշխարհիկ, աջակեդրոն եւ այլ քաղաքական ուժեր այսօր կրնան միաւորուիլ մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ՝ վերջ տալ Նաթանիահուի իշխանութեան։ Սակայն ընտրութենէն ետք երկիրը կառավարելը շատ աւելի բարդ խնդիր պիտի ըլլայ։

Գատի Այզենքոթի շուրջ ձեւաւորուած կեդրոնական ուժերը պէտք է համագործակցին տարբեր քաղաքական ուղղութիւններ ներկայացնող գործիչներու եւ կուսակցութիւններու հետ՝ ներառեալ Նէւթալի Պեննէթի, Եաիր Կոլանի, Աւիկտոր Լիպերմանի եւ  մնացեալ փոքր խմբաւորումներուն հետ։  

Այստեղ քաղաքական տարբերութիւնները կրնան արագօրէն երեւիլ։

Որովհետեւ քաղաքականութեան դաժան ճշմարտութիւնը երբեմն շատ պարզ է.

 Ի վերջոյ Նաթանիահուի դէմ ըլլալը տակաւին կառավարութիւն կազմելու ծրագիր չէ։

Եւ այս կէտին մէջ արաբական կուսակցութիւնները կրնան ունենալ կարեւոր դեր։

Վերջին հարցումներուն համաձայն՝ արաբական ցուցակները կրնան ստանալ շուրջ 12-13 աթոռ։ Այս թիւը կրնայ որոշիչ դառնալ այն պարագային, երբ ոչ մէկ խոշոր ճամբար  կրնայ  ունենալ 61 աթոռ։

Սակայն արաբական կուսակցութիւններու հետ կառավարական համագործակցութիւնը իսրայէլեան հիմնական սիոնական ուժերուն համար պարզ  թուաբանական  գործարք մը չէ։ Անիկա կը ներառէ գաղափարական, անվտանգային եւ հանրային լուրջ խնդիրներ։

Ուստի ընդդիմութեան առջեւ եւս նոյն պատնէշն է՝ 61։

 

Նաթանիահուէ՞ն յոգնած է Իսրայէլը

Այս հարցին պարզ «այո» կամ «ոչ» պատասխան տալ կարելի չէ։

Իսրայէլի հասարակութեան մէկ հատուածը Նաթանիահուի մէջ տակաւին կը տեսնէ այն առաջնորդը, որ կրնայ երկիրը առաջնորդել Իրանի, «Համաս»-ի, «Հըզպալլայ»ի եւ տարածաշրջանային այլ սպառնալիքներու դիմաց։

Միւս հատուածը, ընդհակառակը, կը կարծէ, որ նոյն ղեկավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի 7 Հոկտեմբեր 2023-ի ձախողումներուն եւ պատերազմական ամբողջ շրջանին համար։

Բայց ընտրութիւնը միայն Նաթանիահուի անձին մասին չէ։

Իսրայէլը այսօր կը վիճի իր ապագայ պետական եւ հասարակական կառավարման ձեւաչափը  ստեղծելու  շուրջ։ 

Կրօնական եւ աշխարհիկ Իսրայէլի հակասութիւնը կը խորանայ։ Հըրեդի  (կամ Հրէտին. Ծայրահեղական աւանդոյթներով ապրող համայնք. Խմբ.՝ Ս. Արեան) համայնքի զինուորական ծառայութեան հարցը կը մնայ զգայուն։ Դատական համակարգի շուրջ վէճերը չեն անհետացած։ Տնտեսութիւնը եւ կեանքի սղաճը  կը շարունակեն ազդել ընտրողներուն վրայ։ Իսկ Կէզզայի պատերազմէն եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններէն ետք անվտանգութիւնը կը մնայ օրակարգի ամենաբարձր կէտերէն մէկը։

Այս բոլոր հարցերը իրարու միացած են։

Եւ հետեւաբար 2026-ի ընտրութիւնը միայն Նաթանիահուի մասին հանրաքուէ մը չէ։ Անիկա Իսրայէլի քաղաքական համակարգի մասին աւելի լայն քննութիւն մըն է։

 

Եթէ ոչ Նաթանիահու, հապա ո՞վ

Ահա այն հարցը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ առանց վերջնական պատասխանի։

Նաթանիահուի իշխանութեան դէմ համախմբուիլը համեմատաբար դիւրին է։ Բայց անոր փոխարէն միասնական իշխանութիւն կառուցելը շատ աւելի դժուար։

Եթէ ընտրութենէն ետք ոչ մէկ ճամբար կարենայ 61 աթոռ ապահովել, Իսրայէլ կրնայ մտնել երկար եւ բարդ  դաշնակցային բանակցութիւններու փուլ մը։

Այստեղ Նաթանիահուի տասնամեակներու փորձառութիւնը կրկին կրնայ նշանակութիւն ունենալ։

Ոչ այն պատճառով, որ ան անպայման պիտի վերադառնայ, այլ որովհետեւ ան գիտէ քաղաքական փակուղիներու մէջ շարժելու արուեստը։

Ուստի այսօր սխալ պիտի ըլլայ գրել՝ «Նաթանիահուն պարտուած է»։

Նոյնքան սխալ պիտի ըլլայ պնդել՝ «Նաթանիահուն կը վերադառնայ»։

Այս պահուն երկու պնդումներն ալ վաղաժամ են։

Իրական պատկերը փակուղիի մը կը նմանի, ուր երկու մեծ ճամբարներն ալ ուժեղ են, բայց երկուքն ալ 61  աթոռ  «գրաւել»ու իրական  ներուժը չունին։

Իսրայէլի 27 Հոկտեմբերի ընտրութիւնը սովորական իշխանափոխութեան մը ընտրութիւնը չէ։

Անիկա երեք տարիներու պատերազմի, անվտանգային ցնցումներու, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ներքին պառակտումներու հաշուետուութեան պահ մըն է։

Նաթանիահուն խաղէն դուրս չէ։ Ընդհակառակը՝ ան տակաւին ունի իշխանութիւնը պահպանելու իրական ճանապարհ մը։ Բայց այդ ճանապարհը այլեւս միայն «Լիքուտ»-ի ուժով չի չափուիր։

Միւս կողմէ, Նաթանիահուի հակառակորդներն ալ տակաւին չունին պատրաստի 61-անոց մեծամասնութիւն մը։

Եւ ահա այս պատճառով Իսրայէլի ընտրական ճակատամարտը պէտք է դիտել ոչ թէ պարզապէս «Նաթանիահու ընդդէմ ընդդիմութեան» ձեւով, այլ՝ 61-րդ աթոռի համար պայքար իբրեւ։

Նաթանիահուի վերջին ճակատամարտը, թերեւս, այն չէ, թէ ան քանի՞ աթոռ պիտի ստանայ։

Իրական հարցը շատ աւելի պարզ է.

ան պիտի կարենա՞յ գտնել իր 61-րդ աթոռը։

Որովհետեւ այդ մէկ աթոռը կրնայ որոշել ոչ միայն Բենիամին Նաթանիահուի քաղաքական ապագան, այլ նաեւ՝ Իսրայէլի յաջորդ քաղաքական փուլին ուղղութիւնը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...