image

Սահմանին Վրայ Թշնամին Հերթական Ներթափանցման Ձախող Փորձ Կատարած Է

Սահմանին Վրայ   Թշնամին  Հերթական      Ներթափանցման Ձախող  Փորձ  Կատարած  Է

Ազրպէյճանեան ուժեր երէկ, հերթական սադրանքի դիմելով, փորձած են  ներթափանցման  փորձ մը  կատարել: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցի  ԼՂՀ  պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ կը  հաղորդէ, թէ հայկական սահմանապահ ուժեր համապատասխան կերպով   արձագանքելով ետ մղած են  ոսոխը: Հայկական  կողմը  տուժեր չունի, մինչ  տեղեկութիւններ կը հաղորդուի   ազրպէյճանեան կողմին ունեցած  կորուստներուն մասին եւ որ մինչեւ այս պահը անստոյգ են: