Ազրպէյճանեան ուժեր երէկ, հերթական սադրանքի դիմելով, փորձած են ներթափանցման փորձ մը կատարել: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցի ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ հայկական սահմանապահ ուժեր համապատասխան կերպով արձագանքելով ետ մղած են ոսոխը: Հայկական կողմը տուժեր չունի, մինչ տեղեկութիւններ կը հաղորդուի ազրպէյճանեան կողմին ունեցած կորուստներուն մասին եւ որ մինչեւ այս պահը անստոյգ են: