«Ուրիշի աչքի շուղը տեսնելու փոխարէն թող իրենց աչքի մէջի գերանը տեսնի»։ Այս մասին 12 յունիսին NEWS.am-ի հետ զրոյցին նշեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ փտած հոգեւորականները կը վարկաբեկեն Հայ առաքելական եկեղեցին։
«Ինչպէս այս երեք տարիներին որոշակի իմաստով թիրախաւորուել է եկեղեցին՝ բոլոր առումներով, նոյն վիճակն էլ հիմա է՝ աւելի խտացուած գոյներով։ Խորհուրդ կու տայի, որ նոյն յոխորտանքով եւ նոյն պողպատով խօսեր Ալիեւի եւ մեր թշնամիների մասին։ Ասելիքս սա է, չեմ ուզում մեկնաբանել իրենց ասածները»,- ըսաւ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան։
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան Սեւան քաղաքի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւի ժամանակ յայտարարած էր, որ հայ առաքելական եկեղեցին եւ աւանդական արժէքները, ոչ թէ իրենք կը վարկաբեկեն, այլ փտած հոգեւորականները:
Իսկ նախօրէին, Դիլիջանի մէջ Փաշինեան յայտարարած էր, որ եթէ պէտք ըլլայ նորէն կ'ընեն յեղափոխութիւն, այնքան մինչեւ բոլոր վերնախաւերը՝ քաղաքականէն սկսեալ մինչեւ հոգեւորական, խոնարհին ժողովուրդին առջեւ։
Յայտարարութեան արձագանգած էր Մայր Աթոռը՝ նշելով, որ ցաւ կը յայտնէ վարչապետի պաշտօնակատարի ոչ խոհեմ եւ անպատշաճ յայտարարութիւններուն համար, որոնք բացարձակ առնչութիւն չունին մեր կեանքի իրողութիւններուն հետ։