Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանն ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են:
Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն, ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք փորձած են լողալով անցնիլ Արաքս գետը:
Մի քանի ժամ անց անյայտ անձինք հատած են պետական սահմանը եւ փորձած են թաքնուիլ Հայաստանի տարածքին: Ռուս սահմանապահները յաջողած են հետապնդել սահմանախախտները եւ ձերբակալել զանոնց: Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձած են դիմադրել, սակայն սահմանապահները կրցած են չէզոքացնել զանոնք:
Հարցման արդիւնքներով պարզուած է, որ սահմանախախտները Փաքիսթանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են: