image

«Մի արտօնէք՝ ԱՄՆ-ին». Իրանէն նոյն յանկերգը կը լսուի

«Մի արտօնէք՝ ԱՄՆ-ին». Իրանէն նոյն յանկերգը կը լսուի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն, ուր ամերիկեան ռազմակայաններ տեղակայուած են, արգիլելու Ուաշինկթընին իրենց տարածքներէն հարուածներ հասցնել Իսլամական Հանրապետութեան։

«Ասիկա անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ պատերազմի սրացումն ու ընդարձակումը կանխարգիլելու համար»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն կրկին սրած են Միացեալ Նահանգներ–Իրան յարաբերութիւնները։ Կողմերը փոխադարձ հարուածներ կը հասցնեն իրարու. Միացեալ Նահանգները կը հարուածէ Իրանի տարածքը, իսկ Իրանը՝ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները։