Ընթերցումներս (64).
Անհամասեռութիւն (7)
Շաղկապական անհամասեռութիւն (բ)
Երբեմն սպրդող անհամասեռութիւնը այնքան նուրբ ու ծածուկ է, որ դժուար է անդրադառնալ անոր գոյութեան:
Օրինակ՝
***Նոր տնօրէնը շուտով համոզեց մեզ, որ ինք ոչ միայն ատակ մանկավարժ մըն է, այլեւ արժանի է վստահութեան:
Այս օրինակը կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ ամեն ինչ ճիշդ կիրարկուած է, ասինքն՝ ոչ միայն-ը դրուած է ատակ ածականին վրայ, իսկ այլեւ-ը՝ արժանի ածականին վրայ, ածականներ, որոնք հաւասարապէս կը բնորոշեն տնօրէնը: Սակայն այս տպաւորութիւնը խաբուսիկ է:
Այս կառոյցը կը բովանդակէ հետեւեալ ցաւագին անհամասեռութիւնը.
--ատակ ածականը որոշիչի պաշտօն կը կատարէ,
--մինչ արժանի ածականը էական բային հետ կը կազմէ բաղադրեալ ստորոգիչ մը, ուրեմն ստորոգելի մըն է ան:
Ասոր մէկ հաւանական սրբագրութիւնը պիտի տայ հետեւեալը.
---Նոր տնօրէնը շուտով համոզեց մեզ, որ ինք ոչ միայն ատակ մանկավարժ մըն է, այլեւ վստահելի:
Այսինքն՝ «ատակ ու վստահելի մանկավարժ մըն է», ուր ատակ ու վստահելի հաւասարապէս որոշիչ են մանկավարժ-ին:
Նաեւ՝
***Կամսարի գրած “Հայոց պատմութիւնից” ոչ միայն կարող ենք ճանաչել մեր պատմութիւնը, այլեւ դասեր քաղել անցեալի սխալներից» («Հայկազեան հայագիտական հանդէս», հտ. 38, էջ 436):
Ուր համադասուած են կարող ենք դիմաւոր բայը եւ դասեր քաղել դերբայը:
Պէտք է ունենայինք՝ «“Հայոց պատմութիւն”-ից կարող ենք ոչ միայն ճանաչել մեր պատմութիւնը, այլեւ դասեր քաղել անցեալի սխալներից». Այս վերջին շարադասութեամբ՝ համադասուեցան՝ ա) ճանաչել մեր պատմութիւնը եւ բ) դասեր քաղել անցեալի սխալնե-
րից,− որոնք հաւասարապէս կը լրացնեն «կարող ենք» ստորոգիչը:
Ծանօթ.– Նկատելի է, որ այլեւ-ին վրայ ոչ մէկ ատեն բութ դրած ենք, եւ պէտք չէ՛ դնել:
Ասոնք, ինչպէս ըսինք, դիւրին կառոյցներ չեն, այլ մեր լեզուի ամենադժուար ընկալուող եւ իւրացուող իրակութիւններն են, որոնք մտային խոր լարում կը թելադրեն եւ որոնց տիրապետումը գրողական աչալրջութիւն, անսայթաք ուշադրութիւն, համբերութիւն, երկար ճիգ ու յարատեւութիւն կը պահանջէ գրողէն, ուսուցիչէն եւ... աշակերտէն:
Որոգայթները շատ աւելի այլազան են բանաւոր խօսքի մէջ, սակայն գրաւոր խօսքի ընձեռած ճիշդ օրինակներն են, որ կը կոփեն ու կը ձեւաւորեն իսկական լեզուամտածողութիւնը, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է զզուշանալ մասնաւորաբար գրաւոր վրէպնե-
րէ, անշուշտ առանց անտեսելու բանաւորը:
Մերինին օտար համարժէքները՝ non seulement...mais aussi, not only...but also, ֆրանսերէնի ու անգլերէնի մէջ աւելի դիւրին չեն, բայց ահա ֆրանսացին ու անգլիացին, այլեւ մեր զաւակները շատ աւելի լաւ կ’իւրացնեն այս շաղկապները, որովհետեւ այդ
լեզուներուն մէջ այս շաղկապները կ’ուսուցուին խորագոյն լրջութեամբ, իսկ նոյնը դժբախտաբար չենք կրնար ըսել հայոց լեզուի ուսուցումին համար:
* * *
Այս զուգադիր շաղկապին երկրորդ բաղադրիչը կրնայ ստանալ այլազան ձեւեր՝ ոչ միայն...այլ ալ, ոչ միայն...այլ նոյնիսկ, ոչ միայն...այլ մինչեւ իսկ, ոչ միայն...այլ մանաւանդ, ոչ միայն...այլ ընդհակառակը, որոնք աստիճանաբար աւելի մեծ ուժգնութեամբ կը շեշտեն շաղկապուող միաւորներու անհաւասարութիւնը եւ րկրորդին գերակայութիւնը: Օրինակ՝
--Ան ոչ միայն յաղթեց մրցակիցներուն, այլ մինչեւ իսկ մրցանիշ կտրեց»,− այսինքն՝ ընթացիկ մրցանքին յաղթական ելլելէ բացի՝ ձեռք բերաւ արդիւնք մը, որ տակաւին կը գերազանցէ բոլոր նախորդները:
--Նա ոչ միայն չնչին չափով չէր մոռացել իր նախկին սիրուհուն, այլ ընդհակառակն աւելի մեծ սիրով էր լեցուել դէպի նրան» (Ս. Սանինեան, «Տասներկու նովելներ...», էջ 43):
Շատ աւելի ժողովրդախօսակցական, քան թէ գրական կիրարկութիւն ունի նաեւ «ոչ միայն...այլ ալ»-ը. օրինակ՝
--Ոչ միայն գրիչս, այլ մատներս ալ կը կոտրեմ ու չեմ գրեր» (ՎՎ, «Նամականի», 379): --Պապիկեանի նկարագիրը յայտնութիւն մը եղաւ ո՛չ միայն մեզի, այլ անշուշտ թուրքերուն համար ալ» (Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 67):
Պէտք է խուսափիլ սապիսի կուտակումներէ կամ կրկնաբանութենէ.
--Տաճիկները այնքան ետ էին մնացած, որ ոչ միայն չէին կարող առաջնորդ հանդիսանալ հայերին, այլեւ նոյն իսկ նրանցից օգտուելու կարիքի մէջ էին գտնւում» (Հ. Աճառեան, ՀԼՊ.2, էջ 569): «
--Նա կնոջից ոչ միայն յանդիմանանք, այլեւ նոյնիսկ վիրաւորանքի հոգոց չլսեց» (Ռուբէն Յովսէփեան, «Հարիւր տարուան մենութիւն», էջ 251). աւելորդ է նոյնիսկ-ը:
--Իր պատմած անհեթեթութիւնները ոչ միայն պատմութիւն չեն, այլեւ մինչեւ իսկ հեքիաթ չեն» (Բ.Թաշեան, «Դեգերումներ», 166). պէտք է ըլլայ այլ մինչեւ իսկ...:
--Կարող երեսփոխան մը ո՛չ միայն իր ձայնը ունի, այլեւ կրնայ յաջողութեամբ յեղաշրջել նաեւ ուրիշներու գաղափարներն ալ (Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 280).
--Ոչ միայն ի զօրու չէ դուրս գալու քարացած ըմբռնումներից, այլեւ նոյնիսկ չի էլ ցանկանում» (Եուրի խաչատրեան, «Պարզ խօսքեր», էջ 232):
--Սոյնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կազմելու պատկերացում մը ոչ միայն քրիստոնէութեան... այլեւ միաժամանակ հայոց հոգեւոր դարաւոր մշակոյթին» (Աբէլ Մանուկեան, «Լուսաբաց», մայիս 2020, յաւելուած, էջ 3):
* * *
Այլեւ-էն առաջ միշտ ստորակէտ կու գայ: Անգլերէնի ու ֆրանսերէնի ազդեցութեամբ՝ մեր գրողները հետզհետէ կ’անտեսեն այդ ստորակէտը, որ հայերէնի համար անզանցառելի է:
Նմանապէս ամերիկերէնի ու անգլերէնի ազդեցութեամբ յաճախ հայերէն մուտք կը գործեն սապիսի մերժաելի ու արատաւոր օտարաբանութիւններ.
--Ոչ թէ կազմակերպուած կամ օրինական հալածանքէ...բայց խուժանին հալածանքէն (Երուանդ Քասունի, «Քննական տեսութիւն...», էջ 334):
Այստեղ բառացի կապկուած է not that... but շաղկապը:
--Ոչ միայն մեր պարտականութիւնն է, բայց նաեւ մեր առանձնաշնորհումը (անդ):
Այստեղ ալ կապկուած է not only... but also շաղկապը:
--Ոչ միայն գրական աշխարհի դռները կը բանար, բայց եւ ամէն օր կը յղկուէր քիչ մը (Երունդ Քասունի, «Աւետ. երգարաններ», էջ 14):
--Հաւասարակշռութիւնը հիմք կու տայ ոչ միայն լայն հայեացքներու, բայց նաեւ՝ մշակութային գործունէութեան (Հրայր Ճեպեճեան, «Ազատ խօսք»):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com