image

Ռուսիոյ երկու քաղաքացիներ ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ. Պատճառը Սուրբ Սոֆիայի մէջ աստուածաշունչ կարդալն է

Ռուսիոյ երկու քաղաքացիներ ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ. Պատճառը Սուրբ Սոֆիայի մէջ աստուածաշունչ կարդալն է

Իսթանպուլի Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ Աստուածաշունչ կարդալու համար ձերբակալուած Ռուսիոյ երկու քաղաքացիները նախատեսուած է յուլիս 17-ին արտաքսել հայրենիք։ Այս մասին իրավիճակին ծանօթ աղբիւրները տեղեկացուցած են «ԹԱՍՍ»-ին։

«Արտաքսումը նախատեսուած է ուրբաթ օրը»,– նշած են աղբիւրները։

Իսթանպուլի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանը յայտնած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիներ Վիքթորիա եւ Իկոր Ֆիլոնովները ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէ ետք փոխադրուած են արտաքսման կեդրոն։ Արտագաղթի հարցերով վարչութիւնը այժմ կը զբաղի անոնց արտաքսման հարցով։ Ռուս դիւանագէտները նշած են, որ հարցը կը պահեն իրենց վերահսկողութեան տակ։

Գերատեսչութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Յուլիս 14-ին գլխաւոր հիւպատութիւնը ստացած է ռուս քաղաքացիներու ազգականներու դիմումը՝ անոնց ձերբակալութեան մասին տեղեկութեամբ։ Ռուս դիւանագէտները անմիջապէս կապ հաստատած են Իսթանպուլի Ֆաթիհ թածամասի ոստիկանութեան բաժնի հետ, ուր փոխադրուած էին Ռուսիոյ քաղաքացիները, եւ կապի մէջ կը գտնուին թրքական իրաւասու մարմիններուն հետ։

Ինչպէս «ԹԱՍՍ»-ին յայտնի դարձած է, ռուս քաղաքացիներուն ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է այցելուներու համար նախատեսուած գօտիին մէջ բարձրաձայն Աստուածաշունչ կարդալու վերաբերեալ կարգապահներու նախազգուշացումէն ետք։ Թուրքիոյ մէջ գործող մզկիթին մէջ քրիստոնէական կրօնական արարողութիւններու կատարումը կամ ոչ-իսլամական կրօնական գրականութեան ցուցադրական ընթերցումը կը համարուի հասարակական կարգի խախտում։

Ձերբակալուած ռուս քաղաքացիներու նկատմամբ ոստիկանութեան մէջ կազմուած է իրաւախախտման արձանագրութիւն՝ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ յօդուածի հիմամբ («Բնակչութեան մէջ ատելութեան կամ թշնամանքի հրահրում կամ բնակչութեան առանձին խումբերու նուաստացում»)։ Այդ յօդուածը կը նախատեսէ վեց ամիսէն մինչեւ մէկ տարի ազատազրկում, եթէ արարքը հասարակական կարգին համար հնարաւոր վտանգ կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ օտարերկրացի քաղաքացիներու արտաքսում։

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2020 թուականի Յուլիսին ստորագրած էր հրամանագիր, որու համաձայն մինչ այդ թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Սուրբ Սոֆիա տաճարը պաշտօնապէս վերածուած էր մզկիթի։