Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Իլհամ Ալիեւը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Քրեմլի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ՝ զրոյցը տեղի ունեցած է ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ:
«Քննարկուած են Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գործնական քայլերը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերը եւ փոխադրային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ եռակողմ ձեւաչափով աշխատանքներու աշխոյժացման:
Երկկողմ օրակարգի ընթացիկ հարցերու քննարկման ժամանակ Վլատիմիր Փութինը եւ Իլհամ Ալիեւը վերահաստատած են իրենց փոխըմբռնումը ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները տարբեր մակարդակներու մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: