image

Սահմանահատման հերթական դէպք. Ձերբակալուած են երկու Փաքիստանցիներ

Սահմանահատման հերթական դէպք. Ձերբակալուած են երկու Փաքիստանցիներ

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանն ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են:

Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն, ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք փորձած են լողալով անցնիլ Արաքս գետը: 
Մի քանի ժամ անց անյայտ անձինք հատած են պետական սահմանը եւ փորձած են թաքնուիլ Հայաստանի տարածքին: Ռուս սահմանապահները յաջողած են հետապնդել սահմանախախտները եւ ձերբակալել զանոնց:  Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձած են դիմադրել, սակայն սահմանապահները կրցած են չէզոքացնել զանոնք: 


Հարցման արդիւնքներով պարզուած է, որ սահմանախախտները Փաքիսթանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են:

Օրէնսդրական կարգի համաձայն՝ սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրավապահ մարմիններուն, որոնք պիտի պարզեն հայ-թրքական սահմանը խախտելու  նպատակները: