image

Ֆիտան.  Ռուսիան եւ Ուքրանիան  հոգեբանօրէն պատրաստ են՝ հրադադարի 

Ֆիտան.  Ռուսիան եւ Ուքրանիան  հոգեբանօրէն պատրաստ են՝ հրադադարի 

 

Ռուսիան եւ Ուքրանիան հոգեբանօրէն պատրաստ են հրադադարի։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

«Պայմանական պատերազմը, որ կը շարունակուի հինգ տարի եւ օրէ օր աւելի կործանարար կը դառնայ, ոչ մէկ արդարացում ունի։

Սրման վտանգը կ՚աւելնայ՝ աշխարհագրական առումով տարածուելով դէպի նոր թիրախներ, ներառեալ ենթակառոյցները, եւ, Աստուած մի՛ արասցէ, նոր տեսակի զէնքերու տեղակայմամբ։ Բոլոր միջոցներու կիրառումէն ետք կը տեսնենք, որ երկու կողմերն ալ հոգեբանօրէն պատրաստ են հրադադարի։

Միշտ կ՚ըսեն, որ ամէնէն մութ ժամը լուսաբացէն առաջ է։ Մենք կ՚ուզենք հաւատալ, որ պատերազմի այս աւերիչ շրջաը, որմէ այժմ կ՚անցնինք, մօտալուտ խաղաղութեան եւ հրադադարի աւետաբերն է»,– ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։