Ռուսիոյ Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրով յայտարարած է, որ Արաբական Միացեան Էմիրութուններն ու ռուսական «Ռուսքոսմոս» ընկերութեան միջեւ համաձայնութիւն կնքուած է առաջին էմիրաթցի տիեզերագնացը պատրաստելու համար:
Այս մասին, ըստ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան, Մանթուրով յայտնած է Ռուսա-էմիրաթեան միացեալ յանձնաժողովի եօթերորդ նստաշրջանի բացման արարողութեան ժամանակ:
Ռուս նախարարը նշած է նաեւ, որ ներկայիս Ռուսիա բանակցութիւններ կը վարէ Էմիրաթեան «Պարաքա» ատոմակայանի սպառած միջուկային վառելանիւթի թափօնները վերացնելու համար: