Կարինէն՝ երգի նոր ուսուցչուհին, մեր միւս ուսուցչուհիներէն տարբերուող երեւոյթ մըն էր: Ան յայտնուեցաւ իր սեփ- սեւ հագուստով եւ նոյնքան սեւ մազերով: Դէմքը մոմիայի մը դէմքէն տարբեր չէր։ Անոր մաշկը՝ դեփ- դեղին, չորցած տերեւի նման անփայլ էր: Սեւ հագուստը, տժգոյն ու անշպար դէմքը իր ունեցած- չունեցած «գեղեցկութիւնն» էր։ Ամբողջ կրթական տարեշրջանի ընթացքին ան չժպտաց, նոյնիսկ՝ չփորձեց: Անհաղորդ էակ մըն էր եւ ոեւէ աշակերտի հանդէպ քնքշանք, կամ գորով չցուցաբերեց: Նախակրթարանի աշակերտներ էինք եւ ճիշդ չհասկցանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ՝ «Տիկին Կարինէին ամուսինը մեռած է»:
Կարինէն այդ օրուան հերթապահն էր: Հետեւաբար դասապահերու եւ զբօսանքին ժամերը բնորոշող զանգակը իր մօտն էր: Յանկարծ անզուսպ զայրոյթով, ան զանգակը վերցուց եւ ուղղուեցաւ դէպի «լաւ չերգող» տղուն: Զանգակին լայն բաժինը իր ամբողջ տրամագիծով ուժգին հանգչեցուց աշակերտին գլխուխին վրայ : Խեղճ տղան, անակնկալ հարուածէն ու անտանելի ցաւէն ցնցուած՝ բարձրաձայն լացաւ: Խեղճը ի՞նչ ընէր, եթէ ճիշդ եւ գեղեցիկ երգելու տաղանդէն զուրկ էր:
«Երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները, Եարս էլ գնաց եայլաները Պինկէօլի...»:
Աշակերտներս այս դէպքին ականատես ըլլալէ ետք, մեծ չկամութեամբ, նոյնիսկ զզուանքով երգեցինք Պինկէօլի երգը: Որո՞ւ պէտք էր երգը, երգի պահը եւ մանաւանդ այդպիսի բռնկուն զայրոյթով երգի ուսուցչուհի մը:
«Քոյրիկ ասա՛, ո՞րն է ճամբան Պինկէօլի…»:
Երգի պահը մեր ձեռքի թուղթերուն նման չոր ու անհոգի էր, բառերը կը կարդայինք եւ պարզապէս մեր գլուխէն զանգակի հարուած մը չստանալու համար, անհամ ու անեռանդ՝ «եաւան- եաւան» կ՚երգէինք: Յաջորդող երգի պահերուն՝ երաժշտական տաղանդ ունեցողն ալ դարձաւ «անտաղանդ»:
Նախակրթարանի երկրորդ, կամ երրորդ դասարանի աշակերտուհի էի, երբ ծանօթացայ Կարինէ երեւոյթին: Առնուազն կէս դար ետք ես տակաւին սարսափով կը յիշեմ իր երգի պահերը եւ մահասարսուռ զանգակը:
Միշտ հարց տուած եմ, թէ Կարինէն ինչո՞ւ այդքան դառնացած եւ չարացած էր կեանքին ու մարդոց հանդէպ: Թէեւ ուրիշ սեւազգեստ այրիներ ալ կային դպրոցին մէջ, որոնց պատասխանատու դերեր յանձնուած էին եւ առաւել բրտութեամբ, վայրագութեամբ կը կատարէին իրենց դերը ու ամենայն անխղճութեամբ կը ցաւցնէին աշակերտը (physical abuse):
Սիրելի բարեկամուհի մը ունիմ, որ մինչեւ օրս լալով կը պատմէ իր ապրած չարչարանքները: Ուսուցչուհի մը սրածայր մատիտի հարուածներով ծակծկած է իր թեւը եւ մինչեւ օրս անոր մաշկին տակ կը հանգչի սեւ գրաֆիտի կտոր մը:
-Օհ, Սիրան, ինչո՞ւ մինչեւ օրս հանել չես տուած այդ կտորը: Վստահ եմ, որ ամէն անգամ, երբ նայիս սպիիդ՝ կը վերապրիս այդ օրերուն տեսած բրտութիւնդ:
-Սիլվա՛, չէի գիտեր, որ աչքերս տկար էին: Դժուարութեամբ կը կարդայի, որպէս դաս նշանակուած տողերը, իսկ գրատախտակէն տող մը ընդօրինակելը լուրջ մարտահրաւէր էր ինծի համար:
-Վա՜յ, կը կմկմաս. վա՜յ, սահուն չես կարդար. վա՜յ, պատին գրուածը ճիշդ չես ընդօրինակած: Այս բոլորին կը յաջորդէին տեսակաւոր պատիժները՝ գաւազանը, սրածայր մատիտը, նուաստացնող խօսքերը: Իսկ զբօսանքէն զրկուելուս պատճառով, թէ՛ անօթի մնացած եմ, թէ՛ բաղնիք չեմ կրցած գործածել եւ դասապահի ժամուն ակամայ տակս միզած եմ, ապա միզելուս համար յանդիմանուած ու թաց վիճակով քանի մը թաղ անդին գտնուող մեր տունը ուղարկուած եմ:
-Սիրա՛ն, ջանս, կ՚ուզեմ մանրամասն գրել ու պատմել քու ապրումներդ: Նկարագրել լաց- կոծով եւ մօրդ յամառ պնդումով դպրոց յաճախելդ, բայց կը խուսափիմ հին վէրքերդ փորփրելէ: Սա՛, թեւիդ մխրճուած գրաֆիտի կտորը՝ ինքնին սարսռացնող խթան մըն է ու սեւ վկայարան մը՝ տգէտ ու անխիղճ անցեալի մը: (Տեսէք՝ վարը տեղադրուած Սիրանին ձեռքին նկարը)
«Ես պանդուխտ եմ էս տեղերին ծանօթ չեմ Քուրի՛կ, ասա՛, ո՞րն է ճամբան պինկէօլի..»:
Անցեալ շաբաթ դասընկերուհիներով հաւաքուած էինք եւ շարք մը քաղցր ու դառն յիշողութիւններ բաժնեկցեցանք: Բարեկամուհիս յիշեց՝ Պինկէօլը եւ Կարինէն ու յուզումնախառն շեշտով պատմեց . «Ես մօտէն ճանչցած եմ Կարինէին, նախապէս ան իմ մօրեղբօրս հետ նշանուած էր, բայց չեմ գիտեր ինչ պատճառով խզուեցան: Կարինէն կարճ ժամանակ մը ետք ամուսնացաւ մեր ծանօթներէն մէկուն հետ: Ուրախ զոյգ էին եւ բախտաւորուեցան գեղեցիկ դուստրով մը: Դժբախտաբար Կարինէին երիտասարդ ամուսինը յանկարծամահ եղաւ: Հազիւ քառասուն օրեր անցած էին ամուսինին մահէն, փոքրիկ դուստրը , կլլեց իր մեծ մօրը արեան ճնշման դեղերը եւ անմիջապէս մահացաւ:
-Օ՜ֆ, սիրտս ցաւեցաւ, իսկական ողբերգութիւն մը։ Ես գիտէի, որ Կարինէն այրիացած էր, բայց դուստրին մահէն տեղեակ չէի։ Որքա՜ն դժուար է ամուսին կորսնցնելէ ետք թաղել միակ հոգեհատորը՝ կեանքին վերջին լոյսն ու յոյսը: Մեղք է շա՜տ...: Վերջապէս հասկցայ, որ Կարինէն ինչո՞ւ ընտրած էր Պինկէօլի երգը: Հոն կար սիրելիի կորուստը, սիրտ մաշող ու անհուն կարօտը, անօգուտ փնտռտուքը, եւ անծանօթ ճամբաները, որոնք կը բնորոշէին իր ապագային անորոշութիւնը:
«Ինձ ի՜նչ, աւա՜ղ պլպուլները Պինկէօլի»:
Վերադարձայ տուն եւ յիսուն տարի անընդհատ տուած հարցիս պատասխանը ստացայ, թէ ինչո՞ւ Կարինէն այդքան խստացած, դառնացած ու չարացած էր:
Վերապրեցայ մեր երգի պահերը, իր տժգոյն եւ անժպիտ դէմքը, անսանձ զայրոյթը, բայց ոչ մէկ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» գտայ իր կոպիտ վարմունքին ու յատկապէս զանգակի հարուածներուն...:
Մենք՝ աշակերտներս, բռնցքամարտի պարկեր (punch bags) չէինք, իսկ երգի պահերը, ընկճախտով տառապող, կամ բարկութեան պոռթկումներ ունեցող այրիին ապրուստ ապահովելու միջոց չէին: Մեր արդար իրաւունքն էր հաւասարակշռուած խառնուածքով ուսուցիչ ունենալը: Մանաւանդ Հայ երգի ուսուցչուհին, որ երգերուն միջոցով ճաշակ պիտի մշակէ, ազգային ոգի կերտէ, պատգամ փոխանցէ, քնարական ջիղ զարթնեցնէ եւ երգին մոգական ազդեցութեան տակ կենսախինդ մթնոլորտ ստեղծէ:
Հոս յանցաւորը այն պատասխանատուն էր՝ տնօրէն, հոգաբարձու, համայնքի, կամ կուսակցութեան մը միջնորդը, որ Կարինէին «հասցուցած» էր ուսուցչութեան:
Ուսուցիչը, որեւէ ժամանակին պատկանող՝ անցեալ, ներկայ, կամ ապագայ, պէտք է ըլլայ միտքով, հոգւով ու զգացումներով ԱՌՈՂՋ անհատ մը։ Մանկահասակ ու դեռատի սերունդները պէտք է սիրով փութան դէպի դպրոց եւ դասապահերը ըլլան հաճելի ու հետաքրքրական: Աշակերտին տկարութիւններն ու պարագաները իրատեսօրէն գնահատուին ու անհատական մօտեցումով բարեփոխուին, սրբագրուին կամ դարմանուին: Անոնք սէր ու գորով պէտք է ստանան իրենց ուսուցիչներէն եւ ոչ թէ ֆիզիքական ու զգացական վէրքեր, որոնք երկա՜ր տարիներու ընթացքին պիտի շարունակեն մխալ ու չյանգիլ:
«Պա˜ղ - պա˜ղ ջրեր, պապակ շուրթս չի բացուի...»:
Յ.Գ. Անունները փոխած եմ, բայց դէպքերը իրենց ճշգրտութեամբ պատմած եմ։ Հաճեցէք կռահումներ չընել։
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան