image

Նիկոսիա. Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան մասնակից՝ «Հաւատք եւ ինքնութիւն» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան

Նիկոսիա. Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան մասնակից՝  «Հաւատք եւ ինքնութիւն» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան

Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ մէջ «Հաւատք եւ Ինքնութիւն» խորագրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի արժէքաւոր նմուշները՝ հայ ժողովուրդի հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը լուսարձակի տակ բերելով։

 Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի  պաշտօնական էջով տրուած  հաղորդագրութիւնը․

 

Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Տէր եւ Տիկին Վարդգէս Մահտեսեաններ ներկայ գտնուեցան «Հաւատք եւ Ինքնութիւն» – Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի Մասունքներ խորագրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Մակարիոս Գ. Արքեպիսկոպոսի Հիմնադրամի Բիւզանդական Թանգարանին մէջ։

Ցուցահանդէսը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Առաջնորդարան Հայոց Կիպրոսի հովանաւորութեամբ, կը ներկայացնէ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանէն բերուած նշանակալից նմուշներ՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր կապը։

Հիմնարկի Ընդհանուր Տնօրէն ողջոյնի խօսքէն ետք, ելոյթներ ունեցան, ի շարս այլոց, Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի տնօրէն Դոկտ. Դաւիթ Պօղոսեան, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայոց Կիպրոսի Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս եւ Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիկ. Իննա Թորգոմեան։

Ցուցահանդէսը պաշտօնապէս բացուեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին անունով՝ Մշակոյթի Փոխնախարար Դոկտ. Կլէա Հաճիստեֆանու Փափաելինայի կողմէ։

Բացման արարողութեան յաջորդեց ցուցահանդէսին շրջայցը՝ մասնագէտի մը առաջնորդութեամբ, ապա ընդունելութիւն մը։ Ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց պիտի մնայ 10 Հոկտեմբեր 2026-էն մինչեւ 9 Ապրիլ 2027։