image

ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտական փայլուն հաւաքը

ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտական փայլուն հաւաքը

Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի տարեկան փոխանցումի հանդիսութիւնը, օրերս, համախմբած է 350 արի-արենուշներ։ Օրուան ընթացքին տեղի ունեցած են տարիքային խումբերու փոխանցումներ, աստիճաններու շնորհումներ եւ Արարատեան կարգի պարգեւատրումներ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Հաճէթեան մարզասրահին մէջ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի տարեկան փոխանցումի հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ բոլոր տարիքներէն 350 արի-արենուշներու՝ իրենց խմբապետներներով, հանդիսավարութեամբ եղբ. Հրատ Գուշեանի, եւ ներկայութեամբ  Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Գառնիկ աւ. քհ. Գոյունեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի Շրջանի ներկայացուցիչ քոյր Լէոնի Սարմազեանի, ՀՄԸՄ-Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Մանուէլ Քէօսէեանի եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ռաֆֆի Խտըրլարեանի, Շրջանային Ընդհանուր խմբապետ եղբ. Արուշ Պէրպէրեանի, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Վաչէ Յակոբեանի, մասնաճիւղի վարչութեան, սկաուտական խորհուրդի անդամներուն, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներու եւ մեծծնողներու ու այլ հարազատներու։

Բացման խօսքին մէջ դիտել տրուեցաւ, որ «ՀՄԸՄ-ը ոչ միայն սկաուտական կազմակերպութիւն մըն է, այլ ընտանիք է։ Շարժում մը, որ կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, ծառայութիւն, միութիւն եւ մեր ժառանգութեան ու մշակոյթի նկատմամբ սէր։ Ամեն մէկ բանակում, ժողով, հաւաքոյթ եւ մարտահրաւէր ձեզ աւելի մօտեցուցած է ըլլալու զօրաւոր, հպարտ ու գթասիրտ անձեր … Եկէք միշտ յիշենք՝ Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»։ Նշուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 35-ամեակը, աւելցնելով, որ «թող Հայաստանի անկախութիւնը շարունակէ մնալ մեր հպարտութեան եւ յոյսի աղբիւրը», ապա յիշուեցան 1991-ին ու անկէ ետք մեր զոհուած ընկերները։

Տարբեր ծիսակատարութիւններով եղան փոխանցումները մէկ տարիքային խումբէն յաջորդը, ապա տեղի ունեցան նոր օգնական խմբապետներու, փոխ-խմբապետներու եւ խմբապետներու աստիճաններու շնորհումները, գնահատուեցան ու յիշատակի նուէրներ ստացան երկարամեայ ծառայութենէ ետք «շրջանաւարտ» հանդիսացողները եւ վերջապէս ներկայացուեցան այս 2025-2026 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն՝ Արարատեան կարգի արժանացողները՝ եղբ. Հրատ Գուշեան, եղբ. Ռաֆֆի Դաւիթեան, քոյր Էմիլի Մարկորեան եւ եղբ. Սեւակ Պապիկեան։

Պատասխանատուներու սրտի խօսքերէն ետք, ուր նշուեցաւ նաեւ Շաւարշ Քրիսեանի պատգամը՝ «առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ», ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ով։