image

Հռիփսիմեանց-երաժշտասիրաց դպրաց դասու հանգուցեալ անդամները ոգեկոչուեցան Պիւյիւքտէրէի մէջ

Հռիփսիմեանց-երաժշտասիրաց դպրաց դասու հանգուցեալ անդամները ոգեկոչուեցան Պիւյիւքտէրէի մէջ

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուած են Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահներու, դպրապետներու, երաժշտապետներու եւ անդամներու յիշատակը։ Արարողութեան ընթացքին վերարժեւորուած է անոնց երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւնը՝ Պոլսոյ հայ եկեղեցիներու պայծառութեան ի նպաստ, եւ ընդգծուած յաջորդ սերունդներուն այդ հոգեւոր ժառանգութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պիւյիւքտէրէի  եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագով ոգեկոչուեցան տեղւոյն Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, անդամներն ու անդամուհիները, որոնք երկար տարիներ իրենց կամաւոր ու նուիրեալ ծառայութեամբ սատարած էին ոչ միայն իրենց թաղի, այլեւ Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներու պայծառութեան։

Անցեալին Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու հիմնադրման տարեդարձը եւ հանգուցեալներուն յիշատակութիւնը աւանդաբար կը կատարուէր Խաչվերացի բարեկենդանին։ Ներկայիս, նկատի ունենալով որ այս եկեղեցւոյ մէջ ամիսը անգամ մը միայն արարողութիւն կը կատարուի, ոգեկոչումը յարմար նկատուեցաւ կատարել երէկ, 20 Սեպտեմբերին։ 

Առաւօտեան ժամերգութենէ ետք Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պարէտ կիսասարկաւագ Պալըքճըօղլու, ուրարակիր Գամէր Արփաճըք եւ Արի Թաշ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր եւ կամաւոր դպիրներու եւ դպրուհիներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Գրիգոր Թէրզեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ հոգեհանգստեան պաշտօնէն առաջ, օրուան պատգամը փոխանցեց պատարագիչ Տէր հայրը, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու անդամներուն անձնուէր ծառայութեան եւ անոնց թողած հոգեւոր ժառանգութեան։ Մեկնելով օրուան առաքելական ընթերցումի՝ «Ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ» խօսքէն, Տէր Հայրը ընդգծեց, թէ յիշատակուող դպիրները եկեղեցի եկած էին ոչ թէ իրենց անունը լսելի դարձնելու, այլ Աստուծոյ անունը երգելու եւ Ս. Սեղանին ծառայելու համար։

Անդրադառնալով թաղի աշխարհագրական հեռաւորութեան, ան դիտել տուաւ, որ այդ հանգամանքը երբեք արգելք չէր եղած դպրաց դասու անդամներուն՝ Պոլսոյ այլ եկեղեցիներու ծառայութեան հասնելու համար։ «Եկեղեցւոյ քարտէսին վրայ հեռաւորութիւնները քիլոմեթրերով չեն չափուիր, սիրով կը չափուին», ըսաւ ան եւ շարունակեց. «Այս եկեղեցւոյ մէջ վառած իրենց կանթեղին լոյսը թաղին մէջ չփակեցին. այդ լոյսը տարին ուրիշ եկեղեցիներ»։

Տէր Հայրը յատկապէս շեշտեց նաեւ Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրացի անդամներուն մինչեւ խոր ծերութիւն պահպանած ծառայական ոգին. «Տարիքով ծեր էին, բայց նուիրումով՝ երիտասարդ», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ եկեղեցական երիտասարդութիւնը տարիքով չէ որ կը չափուի, այլ ծառայելու պատրաստակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։

Քարոզը ստացաւ նաեւ անձնական երանգ, երբ Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան յիշեցուց, որ իր մեծհայրն ալ՝ հոգելոյս Տ. Նարեկ քհնյ. Գատէհճեան, եղած էր Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու դպրապետն ու նախագահը, իսկ ինք մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծցած էր այդ նուիրեալ դպիրներուն միջեւ։ Ան նշեց, թէ ժամանակի ընթացքին ամբողջ սերունդ մը դարձած է յիշատակ, սակայն անոնց թողած տեղն ու օրինակը կը շարունակեն հարցում ուղղել յաջորդներուն՝ թէ իրենք ինչպէ՛ս պիտի շարունակեն իրենց վստահուած ծառայութիւնը։ «Յիշատակը իրաւունք մը չէ միայն, յիշատակը պարտականութիւն է», ըսաւ պատարագիչ Տէր հայրը՝ աւելցնելով. «Ամենագեղեցիկ հոգեհանգիստը միայն “Ի վերին-ը երգելը չէ. ամենագեղեցիկ հոգեհանգիստը անոնց կեանքին շարունակութիւնը դառնալն է»։

Քարոզի աւարտին Տէր հայրը հանգուցեալ դպիրներու պատգամը խտացուց հետեւեալ բառերուն մէջ. «Մենք մեր բաժինը կատարեցինք։ Վառ կանթեղը մինչեւ ձեզի հասցուցինք։ Հիմա դուք մի՛ թողուք, որ մարի»։

Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դասու բոլոր հանգուցեալ նախագահներուն, դպրապետներուն, երաժշտապետներուն, անդամներուն եւ անդամուհիներուն հոգիներու խաղաղութեան համար՝ անուններու մի առ մի յիշատակումով։ Արարողութեան ներկայ հաւատացեալներու շարքին բազմաթիւ էին նաեւ դպրաց դասու հանգուցեալ անդամներու հարազատներն ու ընտանիքի պարագաները։

Օրուան յիշատակելի մէկ այլ դրուագով՝ Գրիգոր Թէրզեան, որուն հայրը՝ հոգելոյս Տ. Կարապետ քհնյ. Թէրզեան, եւ մեծհայրը՝ Տիրան Թէրզեան, Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրացի անդամներու շարքին եղած են, եկեղեցւոյ նուիրեց 2004 թուակիր խմբանկար մը։ 

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին հրուշակ բաժնուեցաւ ներկաներուն։

Այսպէս, եկեղեցւոյ կամարներուն տակ անգամ մը եւս ոգեկոչուեցաւ սերունդ մը, որ իր ձայնը, ժամանակն ու կարողութիւնը նուիրաբերած էր Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Թէեւ այդ դպրաց դասուն երբեմնի անդամները այսօր այլեւս մարմնապէս ներկայ չեն, սակայն անոնց երգն ու ծառայութեան ոգին կը շարունակեն ապրիլ այն կանթեղին մէջ, զոր անոնք տարիներ շարունակ վառ պահեցին եւ փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն։