Գլխաշորի արգելքի շուրջ քննարկումներէն առաջացած թուրք-ատրպէյճանական լարուածութեան պատճառով ատրպէյճանական մամուլին մէջ թիրախաւորուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
Այս մասին կը գրէ Ermeni Haber-ը։
Իշխանամէտ «Qafqazinfo» կայքը Հոկտեմբեր 17-ին հրապարակում կատարած էր՝ պնդելով, որ Ֆիտան Պաքու կատարած իր այցի ընթացքին գաղտնի հանդիպում ունեցած է «Երիտասարդներու աջակցութեան հիմնադրամ»ի (GYF) անդամներու հետ եւ զանազան յանձնարարութիւններ տուած։ Ըստ հրապարակման՝ հիմնադրամը կապուած է թրքական հետախուզութեան հետ։
Նշուած էր նաեւ, որ Թուրքիա կը փորձէ Ատրպէյճանի մէջ ազդեցութեան գործակալներ պատրաստել։ Թիրախաւորուած էին նաեւ «Թուրքիոյ համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութիւն»ը (TİKA), «İHH» մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամը եւ Ազիզ Մահմուտ Հուտայի հիմնադրամը, որոնք կապուած էին Ատրպէյճանի մէջ հետախուզական եւ ազդեցութեան գործունէութիւն ծաւալելու մեղադրանքներու հետ։ Հետագային հրապարակումը հեռացուած է կայքէն։
Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ հերքելով մեղադրանքները։ Դեսպանատունը նշած է, որ «Qafqazinfo»-ի եւ շարք մը այլ լրատուամիջոցներու հրապարակումները զրպարտութիւն են եւ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները վնասելու փորձ։
Դեսպանատան տեղեկացմամբ՝ Ֆիտան Պաքու կատարած այցի ընթացքին, քաղաքավարութեան շրջածիրէն ներս, լուսանկարուած է բազմաթիւ անձերու, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի մէջ օրինական կարգավիճակ ունեցող կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Հերքուած են նաեւ գաղտնի հանդիպում ունենալու եւ յանձնարարութիւններ տալու մասին պնդումները։
«Յօդուածին մէջ տեղ գտած՝ «ներքին գործերուն միջամտելու ծրագիրներ», «հետախուզական գործողութիւններ», «հեղաշրջման եւ քաոսի ծրագիրներ» եւ «ազդեցութեան գործակալներ պատրաստելու» մասին արտայայտութիւնները դիտումնաւոր կեղծիքներ են, որոնց նպատակն է եղբայրական ատրպէյճանցի ժողովուրդը տրամադրել Թուրքիոյ դէմ», նշուած է դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ։