image

Մաքրոն խոստացած է պատասխանատուութեան ենթարկել բռնութիւններ կատարող ցուցարարները

Մաքրոն խոստացած է պատասխանատուութեան ենթարկել բռնութիւններ կատարող ցուցարարները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հոկտեմբեր 18-ին ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ ոչինչ կրնայ արդարացնել երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու ընթացքին գործադրուած «սանձարձակ» բռնութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ «France 24» պարբերականը։

«Այսօր մենք զայրոյթ եւ ամօթ կը զգանք», ըսած է Մաքրոն՝ աւելցնելով, որ պէտք է զանազանել «օրինական պահանջներ» ներկայացնող ցուցարարները անոնցմէ, որոնք «աւերած, ջարդուփշուր ըրած եւ թալանած են»։

Ան խոստացած է պատասխանատուութեան ենթարկել բոլոր անոնք, որոնք «փորձած են տապալել Հանրապետութիւնը»։ Մաքրոնի համաձայն՝ թալան կատարած անձերը պիտի հատուցեն պատճառուած վնասները։

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նշած է, որ շաբաթավերջին բռնութիւններով ուղեկցուած բողոքի ցոյցերուն ոստիկանութեան արձագանգին վերաբերեալ պիտի ապահովուի «լիակատար թափանցիկութիւն»։

 

Ան հանդարտութեան կոչ ըրած է՝ ընդգծելով, որ խռովութիւնները պէտք չէ սրին։

Շաբաթավերջին շուրջ 550 հազար ցուցարար փողոց դուրս եկած է՝ բողոքելով վառելանիւթի գիներու, ապրուստի բարձր ծախսերու եւ հանրային ծառայութիւններու, ներառեալ՝ դպրոցներու վիճակի վատթարացման դէմ։

Ցուցարարներու կարգ մը դիմակաւորուած խումբեր Փարիզի, Մարսէյլի եւ այլ քաղաքներու մէջ թալանած են խանութներ, հրկիզած ինքնաշարժներ եւ շէնքեր։

Հոկտեմբեր 17-ին խռովարարները Լիմոժի մէջ հրկիզած են 19-րդ դարէն մնացած քաղաքապետարանի շէնքը, որ ամբողջութեամբ աւերուած է։ Հրդեհը տարածուած է շէնքին մէջ, իսկ ժամացոյցի աշտարակն ու տանիքը փլուզած են։

Իրաւապահներուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած են նաեւ բախումներ։

Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է շուրջ 2,400 անձ։ Մօտաւորապէս 1,000 ոստիկան եւ ժանտարմ վնասուածքներ ստացած են։

Ֆրանսայի մէջ զանգուածային ցոյցերը սկսած են Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն՝ կրթական ոլորտի առկայ խնդիրներուն դէմ բողոքող աւագ դասարաններու աշակերտներու նախաձեռնութեամբ։