Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի հայկական համայնքային եւ գրական կեանքի երախտաւոր դէմքերէն դոկտ. Ռիթա Որբերեան, որ տասնամեակներ շարունակ իր ծառայութիւնը բերաւ ՀՕՄի գործունէութեան եւ հայ գրականութեան, կնքեց իր մահկանացուն՝ իր ետին ձգելով հարուստ ժառանգութիւն մը։
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի վեթերան ղեկավար, եւ բեղուն գրող դոկտ. Ռիթա Որբերեան Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2026-ին, մահացաւ Քալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզ քաղաքին մէջ։ Ան 88 տարեկան էր։
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի վեթերան ղեկավար, ակադեմական եւ բեղուն գրող դոկտ. Ռիթա Որբերեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին կնքեց իր մահկանացուն, Քալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզ քաղաքին մէջ: Ան 88 տարեկան էր:
Աւելի քան երկու տասնամեակ Որբերեան վարեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գործադիր վարիչի պաշտօնը՝ ղեկավարելով կազմակերպութեան կենսական գործունէութիւնը, երբ անիկա ընդլայնեց ոչ միայն իր ընկերային սպասարկութիւնները համայնքէն ներս, այլեւ իր օժանդակութեան աշխատանքները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Որբերեան ծնած է Հալէպ եւ շրջանաւարտ է տեղւոյն Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն: Ան իր ուսումը շարունակած է Պէյրութի «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանին մէջ, ուր հայագիտութիւն ուսանած է: Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) ստացած է պսակաւոր արուեստից (BA) վկայականը՝ Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց ճիւղին մէջ, մագիստրոսի (MA) վկայականը՝ Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու ճիւղին մէջ եւ դոկտորի (Ph.D.) կոչումը՝ հայ գրականութեան եւ գրական քննադատութեան ճիւղին մէջ:
Ան արեւմտահայերէնի դասախօս եղած է UCLA-ի մէջ:
Ան պարգեւատրուած վ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:
Հանգուցեալը նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հիմնադիր անդամներէն մէկն էր:
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ Որբերեանի զաւակին՝ Հերիին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ազգականական բոլոր պարագաներուն։
Մահագրութեան պարագային օգտուած ենք ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի ՀՅԴ օրկան՝ «Ասպարէզ»էն։