ԵՄ խորհուրդը առաջարկած է անդամ երկիրներուն 15 Յուլիսէն աստիճանաբար չեղարկել տեղաշարժման սահմանափակումները ՀՀ քաղաքացիներու համար:
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի 30 Յունիսին Խորհուրդը ընդունած է առաջարկը՝ դէպի ԵՄ ուղեւորութիւններու ժամանակաւոր սահմանափակումները աստիճանաբար չեղարկելու համար: Այդ առաջարկին մէջ ներառուած է երկիրներու առաջնային ցանկը, որոնց համար անդամ պետութիւնները պէտք է սկսէին չեղարկել ուղեւորութիւններու սահմանափակումները: Ցանկը պարբերաբար կը վերանայուի եւ կախուած հանգամանքներէ՝ կը թարմացուի: