image

Ռուսաստան ո՞ր արաբական երկրի քաղաքացին պիտի պատրաստէ տիեզերք մեկնելու

Ռուսաստան  ո՞ր արաբական երկրի քաղաքացին պիտի պատրաստէ տիեզերք մեկնելու

Ռուսիոյ Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրով յայտարարած է, որ Արաբական Միացեան Էմիրութուններն ու ռուսական «Ռուսքոսմոս» ընկերութեան միջեւ համաձայնութիւն կնքուած է առաջին էմիրաթցի տիեզերագնացը պատրաստելու համար:

Այս մասին, ըստ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան, Մանթուրով յայտնած է Ռուսա-էմիրաթեան միացեալ յանձնաժողովի եօթերորդ նստաշրջանի բացման արարողութեան ժամանակ:

Ռուս նախարարը նշած է նաեւ, որ ներկայիս Ռուսիա բանակցութիւններ կը վարէ Էմիրաթեան «Պարաքա» ատոմակայանի սպառած միջուկային վառելանիւթի թափօնները վերացնելու համար: