image

Ռուսական խորհրդարանը «McDonald’s»ն ու «KFC»ն օտարերկրեայ «գործակալներ» կը համարէ

Ռուսական խորհրդարանը «McDonald’s»ն ու «KFC»ն օտարերկրեայ «գործակալներ» կը համարէ

Ռուսիոյ խորհրդարանը առաջարկած է «McDonald’s»ն ու «KFC»ն, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ շարք մը այլ սնունդի ցանցեր որակել որպէս օտարերկրեայ գործակալներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը:

Ըստ պատգամաւոր Պորիս Շերնիշոֆի, նման սնունդի կէտեր սնուցման վատ սովորոյթներ եւ ռուսական հասարակուեան խորթ արժէքներ կը բերեն իրենց հետ, միաժամանակ նուազեցնելով ռուսական խոհանոցի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:

Պատգամաւորը համոզմունք յայտնած է, որ արագ սնունդի գաղափարախօսութիւնը կը հակասէ առողջ ապրելակերպի գաղափարին:

Պատգամաւորը կոչ ուղղած է նշուած սնունդի կէտերու նկատմամբ կիրառուող քննութիւնները խստացնել, առաւել յաճախակի կերպով ստուգումներ իրականացնել, իսկ ի շահ անոնց իրականացուող գովազդը ներառել «Օտարերկրեայ գործակալի արտադրանք» անուան տակ: