Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու պալատը 27 Մայիսին միաձայն ընդունած է «Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց վերադարձի վերաբերեալ՝ ի կատարումն 9 Նոյեմբեր 2021-ի հրադադարի մասին յայտարարութեան» բանաձեւ:Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն:
Բանաձեւը, խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու նկատմամբ իրագործուող խոշտանգումներու փաստագրուած դէպքերը, կը պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն քննութեան առնել անոնք եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները՝ յստակ շեշտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լիարժէք իրագործումը, ինչպէս նաեւ խոշտանգումներու եւ այլ անմարդկային ու նուաստացուցիչ վերաբերմունքի դրսեւորումներու բացառումը:
Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ Պելժիոյ դաշնային կառավարութենէն համապատասխան միջոցներ ձեռնարկել՝ աջակցելու Ատրպէյճանի մէջ մնացած բոլոր հայ գերիներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման եւ անվտանգ վերադարձի ապահովման: Կառավարութեան կոչ կ'ըլլայ սերտօրէն համագործակցելու այս առումով նաեւ համապատասխան միջազգային կառույցների, այդ թվում՝ Եվրոպայի խորհուրդի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ՝ երաշխաւորելու Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, ինչպէս նաեւ ապահովելու ԿԽՄԿ աւելի յաճախակի այցելութիւնները գերեվարուած անձանց՝ համոզուելու համար, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը պատշաճ կերպով կը կիրառուին:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ'ընէ կառավարութեան շարունակելու աջակցիլ հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն քաղաքական կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ, այդ շարքին որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը՝ ինքնորոշման իրաւունքի, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժի չկիրառման սկզբունքներու հիման վրայ:
Բանաձեւը կ'անդրադառնայ նաեւ ատրպէյճանցի զինուորներու ներխուժման Հայաստանի տարածք եւ կոչ կ'ընէ Պելժիոյ կառավարութեան պահանջելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի տարածքէն, պահպանել հրադադարի ռեժիմը եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Բանաձեւը նաեւ կը կարեւորէ միջազգային կառոյցներու ներգրաւումը եւ հրատապ աջակցութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վերջին ռազմական յարձակման ծանր եւ տագնապալի մարդասիրական հետեւանքներու վերացման: