image

Դրական գնահատական. Հայաստանը դրական կը համարէ Ռուսաց լեզուի պաշտօնականացումը՝ Արցախի մէջ

Դրական գնահատական. Հայաստանը դրական կը համարէ Ռուսաց լեզուի պաշտօնականացումը՝ Արցախի մէջ

Արցախը, որպէս անկախ պետութիւն, արտայայտեց իր կարծիքը, եւ ես տրամաբանական կը համարեմ ռուսաց լեզուին պաշտօնական կարգավիճակ տալու որոշումը: Այս մասին ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանը:

«Այս պարագայում, կարծում եմ, նման որոշումը կարելի է համարել ընդունելի եւ նպատակայարմար Արցախի եւ արցախցիների համար: Որեւէ շահարկումից խուսափելու համար ընդգծեմ, որ ռուսաց լեզուն ստանում է պաշտօնական կարգավիճակ: Արցախում միակ պետական լեզուն հայերէնն է»,- աւելցուցած է պատգամաւորը:

«Յանուն սոցիալական արդարութեան» կուսակցութեան նախագահ, քաղաքագէտ Արման Ղուկասեանն իր հերթին յիշեցուցած է, որ ռուսաց լեզուն օտար չէ արցախցիներուն, այնտեղի բնակչութիւնը միշտ խօսած է ռուսերէն:

Այս որոշման կարեւորութիւնը, ինչպէս աւելցուցած է փորձագէտը, կապուած է նոր քաղաքական իրողութիւններու եւ տեղական բնակիչներու ու խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչներու միջեւ հաղորդակցութեան աւելի մեծ հնարաւորութիւններու ստեղծման հետ:

«Սա, ակնյայտօրէն, դուր չի գայ թշնամիներին՝ Թուրքիային եւ Ատրպէյճանին: Չի բացառուում, որ մօտ ապագայում այս առումով կարող են սուր գրոհներ լինել»,- ըսած է Ղուկասեանը:

Յիշեցնենք, որ Արցախի ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան (սփորթի) հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արամ Յարութիւնեանը յայտարարած էր, որ ռուսաց լեզուն Արցախի մէջ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ ստացած է։

Ան ընդգծած է, որ խօսքը ռուսերէնին երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ տալու մասին է, իսկ Արցախի միակ պետական լեզուն կը շարունակէ մնալ հայերէնը:

 

Նիւթը՝  NEWS.am-էն