image

Իրանն անընդունելի կը համարէ Հայաստանի սահմանային որեւէ փոփոխութիւն

Իրանն  անընդունելի կը համարէ  Հայաստանի  սահմանային որեւէ փոփոխութիւն

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չ'ընդունիր տարածաշրջանի որեւէ փոփոխութիւն եւ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի»: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Մոճթապա Զոլնուրին, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ՀՀ տարածք ներխուժման դէպքին։

 

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը շատ պարզ, յստակ եւ որոշիչ է. մենք չենք ընդունիր տարածաշրջանի որեւէ փոփոխութիւն, տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի, մենք չենք ընդունիր որեւէ վերտարածաշրջանային ուժ մեր սահմաններուն մօտ: Եթէ Հայաստանի տարածքի մէկ մասը ցանկան վերցնել, եւ մեր սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին, այսինքն՝ ունենանք նոր հարեւան, այդ մեզի համար անընդունելի է: Անցեալի սահմանները պէտք է ամբողջութեամբ ըլլան պաշտպանուած, եւ պէտք է պահպանուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ընդհանուր սահմանը Հայաստանի հետ»,- յայտարարած է Զոլնուրին:

 

Զոլնուրի նաեւ նշած է, որ երկու երկիրները իրաւասու են պահպանել իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը: Ըստ անոր՝ Իրանը կը սատարէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ իր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցով, նաեւ կը պաշտպանէ Հայաստանի դիրքորոշումը՝ իր տարածքային ամբողջականութիւնը, հողը եւ Իրանի հետ հարեւանութեան սահմանը պահպանելու հարցով:

 

«Մենք երկու երկիրներուն հետ հարեւաններ ենք եւ, ելնելով նախկին իրավիճակէն, առանց տարածաշրջանին մէջ որեւէ փոփոխութիւն ընդունելու, մենք կ'աջակցինք երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան»,- աւելցուցած է Զոլնուրին։ 

 

Լուրը՝ «168.am»-էն