image

Ռոպըրթ Ֆիսք բացայայտած է չյայտարարուածը. Վտանգաւոր քայլեր Դամասկոսի մօտ .. Թրամբ կրնայ կրկին «բոցավառել»

Ռոպըրթ Ֆիսք բացայայտած է չյայտարարուածը. Վտանգաւոր քայլեր Դամասկոսի մօտ .. Թրամբ կրնայ կրկին «բոցավառել»

Բրիտանական «Independent» թերթի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսք իր վերջին յօդուածին մէջ անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ եղած Twitter- ի «Պարտականութիւնը կատարուած է» գրառման, նշելով, որ ան կրնայ դարձեալ կրկնուիլ, եւ ակնարկելով, որ նոր պատերազմ մը կը թեւածէ Դամասկոսի հորիզոնին:

Ֆիսք գրած է. «Որոշ զինեալներ երկու  շաբաթներ  առաջ ռուսական բանակի միջնորդութեամբ  համաձայնեցան  Արեւելեան Ղութայէն հեռանալ, ինչպէս նաեւ ռուս-սուրիական բանակցութիւնները յաջողեցան վերջ տալ «Եարմուք» գաղթակայանի մէջ պայքարին, բայց ի՞նչ տեղի կ'ունենայ այսօր»:

Ան բացատրած է որ այսօր . «Դամասկոսի Քատամ թաղամասին մէջ, ուր խաղաղ բնակչութիւն կ'ապրի, «Տահէշ» կազմակերպութիւնը եւ շարք մը ճիհատիներ կը մերժեն դուրս գալ, եւ սուրիական ուժեր եւ պաղեստինեան խմբաւորումներ կ'ուղարկուին այնտեղ, կռիւը աւարտի հասցնելու համար», -գրողը հարց տալով կը շարունակէ. «Եթէ մենք դարձեալ զոհերու  նոր լուսանկարներ տեսնենք այս անգամ քատամի մէջ,  ի՞նչ կը կարծէք պիտի ընեն  Թրամբը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաաքրոնը եւ  Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը»: Ֆիսք իր կարծիքը յայտնելով, ըսած է, որ մեծ հաւանականութեամբ անոնք նոր օդային հարուածներ սկսելու առիթը բաց պիտի չթողեն, շեշտելով, որ սակայն այս անգամ արեւմտեան  հասարակական կարծիքը պիտի չհանդուրժէ որեւէ վտանգաւոր ռազմական արկածախնդրութիւն Սուրիոյ մէջ:

Ֆիսքի կարծիքով, յաջորդ կռիւի նպատակը այն է, որ կառավարական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առնեն շարք մը շրջաններ, ինչպէս՝ Եարմուքը, Քատամը, Հաճար Ալ-Ասուատը, եւ Ղութայի նման, հազարաւոր քաղաքացիներ երկար տարիներ պաշարման մէջ մնան:

Ան իր յօդուածը եզրափակելով ըսած է, որ եթէ ներկայ բանակցութիւնները անյաջողութեամբ աւարտին, հնարաւոր է, որ Տումայի սենարը դարձեալ կրկնուի Քատամի մէջ»: