Քուէյթեան «Ալ-Քապաս» թերթի սիւնակագիր Համզա Ալեան անդրադարձած է լիբանանահայ ծանօթ ազգային, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանի հեղինակած վերջին գիրքին՝ «Հայ սեղանաւորներ. Հայկական դրամագլուխը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ»:
Ինչպէս կը նշէ թերթը, աշխատութիւնը համարձակ փորձ մըն է, ծանօթանալու Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայկական դրամագլուխին, ինչպէս նաեւ հայ նոր սերունդին յանձնուած գրաւոր փաստաթուղթ մըն է, գրուած ՝ հայ մեծ տնտեսագէտի ձեռքով, որ կը բացատրէ հայ լումայափոխներուն (սեղանաւորներու) դերը Օսմանեան կայսրութենէն ներս:
Մկրտիչ Պուլտուքեան շարք մը լիբանանեան եւ համաշխարհային դրամատուներու մէջ զբաղեցուցած պաշտօններու շնորհիւ հսկայ պաշար ունի, գիտելիք ու միջազգային հարուստ փորձառութիւն: Տնտեսագիտութիւն դասաւանդած է Պէյրութի հայկազեան համալսարանին մէջ եւ իր պաշտօններուն մէջ աստիճանաբար բարձրանալով, հասած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչի պաշտօնին (1985-1990):
Նշեալ հրատարակութիւնը, որ հրատարակուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նախօրէին, լուսարձակի տակ կ'առնէ 1915-էն մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան՝ 1923-ի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին համակարգուած ձեւով հայ ժողովուրդի կուտակուած դրամագլուխի իւրացումը, ինչպէս նաեւ կ'անդրադառնայ հայ նշանաւոր լումայափոխներուն՝ Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ. Եւ ամենակարեւորը, կը բացայայտէ Հայ դրամագլուխի դիմագրաւած մարտահրաւէրը՝ Օսմանեան կայսրութեան աւարտի եւ նոր ժամանակաշրջանի՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սկիզբի տարիներուն 1915/1923:
Մասնագէտը կը բացատրէ, թէ ինչպէս բռնագրաւուած էր հազարաւոր տարիներէ ի վեր կուտակուած հայկական հարստութիւնը եւ անոնց բոլոր շարժական գոյքը, դրամատնային ահշիւներ, խնայողութիւններեւ գոհարեղէններ, ինչպէս նաեւ անշարժ գոյքը՝ տուներ, կալուածներ, նոյնիսկ միութիւներու եւ հաստատութիւններու, առաջնորդարանի պատկանած կալուածներ. Օրինակ կը խօսուի Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի մասին, որ ինչպէս կը մատնանաշէ հեղինակը, հայոց գրաւեալ կալուածներուն մաս կը կազմէ:
«Ալ-Քապաս» կը գրէ, որ Գիրքին մէջ հայերը կը ներկայացուին որպէս ամենահարուստ դասակարգը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ,ուր Պոլսոյ, Սեւ եւ Միջերկրական ծովու շրջանին գտնուող գործարաններու սեփականութեան իրաւունքի աւելի քան 95% -ը պատկանած էր հայերուն եւ յոյներուն: Ան նաեւ կը մէջբերէ դոկտոր Մուհամէտ Ռիֆհաթ Իմամի ուսումնասիրութիւնը, որ նկատել կու տայ, թէ Թուրքիոյ ներկայ դրամագլուխի աղբիւրը հայերու բռնագրաւուած ունեցուածքներն են, եւ իր կարծիքով այդ է պատճառը, որ Թուրքիա կը խուսափի ցեղասպանութեան ճանաչումէն, քանի որ կը գիտակցի անոր հետեւանքով իր վրայ կուտակուելիք փոխհատուցման տոկոսները, որ կը գնահատուի աւելի քան 100 միլիառ տոլար:
Գիրքը կը բաղկանայ ութ գլուխներէ , որ սկիզբ կ'առնէ խոճայական դրամագլուխը ներկայացնելով, ապա կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան դրամաշրջանառութեան համակարգին մէջ հայերու տիրապետած հմտութիւնը, բացատրութիւններ կու տայ առեւտրա-տնտեսական-ելեւմտից գործերով զբաղող խաւերու մասին, ինչպէս՝ ամիրաները, չելեպիները (շարժուն դրամագլուխի տէր), խոճաները եւ ուրիշներ:
Տնտեսագէտը ցոյց կու տայ շարք մը քաղաքներու՝ Պոլսոյ, Դուինի, Անիի, Էրզրումի, Ակնի, Կարսի եւ Տրապիզոնի մէջ հայ ձեռնարկատէրերու, լումայափոխներու, սեղանաւորներու, վաճառականներու, ամիրաներու ամբողջ պատկերը:Մկրտիչ Պուլտուքեան իր հրատարակութեան մէջ զետեղած է արխիւային կարեւոր նիւթեր, անցեալի գործառնութիւններու նմոյշներ՝ եկամուտի եւ հայ վաճառականներու բացած վարկերու հազուագիւտ հայերէն լեզուով փաստափուղթեր, ինչպէս նաեւ ընդաձակ հաշուատուութիւններ՝ անգլերէնով:
«Յաւելուած» բաժնին մէջ տրուած են նաեւ հայերու կողմէ հիմնուած ֆինանսներն ու ֆինանսի մասնագէտներու ցանկը, ձեռնարկատէրերու անուններն ու գործունէութիւնը եւ հայ ամիրաներու ցուցակը: