Այնճար հայկական գիւղի երկրորդական բոլոր ճանապարհները փակուած են։
Այս մասին «Արեւելք»ին հաստատեցին Այնճարի քաղաքապետութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրներ։
Մեր տուեալներով երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դէպի գիւղ տանող բոլոր ճանապարհները փակուած են` նպատակ ունենալով հեռու պահել «Քորոնա» վարակին գիւղին մէջ տարածումը։
Կը նշուի նաեւ, որ գիւղին մէջ խուճապի մթնոլորտ չկայ եւ քաղաքապետութեան կողմէ եղած կարգադրութիւնը պէտք է տեղադրել ամբողջ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» վարակին դէմ պայքարելու միտուած եւ ձեռք առնուած միջոցներու ընդհանուր ծիրին մէջ։
Ներկայ պահու դրութեամբ Այնճար կարելի է մուտք գործել բացառապէս գլխաւոր մուտք-ճանապարհով, որն անշուշտ կը գտնուի Այնճարի քաղաքապետարանի ոստիկանութեան վերահսկողութեան տակ։