image

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Այնճարի երկրորդական բոլոր ճանապարհները փակուեցան

«Քորոնա»ի դէմ պայքար.  Այնճարի   երկրորդական բոլոր ճանապարհները փակուեցան

Այնճար  հայկական գիւղի   երկրորդական  բոլոր ճանապարհները      փակուած են։

Այս  մասին «Արեւելք»ին   հաստատեցին  Այնճարի  քաղաքապետութեան մօտիկ կանգնած   աղբիւրներ։

Մեր տուեալներով   երէկ յետմիջօրէի   ժամերէն սկսեալ     դէպի գիւղ տանող   բոլոր  ճանապարհները   փակուած են`   նպատակ ունենալով     հեռու պահել    «Քորոնա» վարակին   գիւղին մէջ տարածումը։

Կը նշուի նաեւ, որ     գիւղին մէջ խուճապի  մթնոլորտ չկայ եւ   քաղաքապետութեան կողմէ եղած  կարգադրութիւնը պէտք է  տեղադրել ամբողջ Լիբանանի մէջ    «Քորոնա»   վարակին  դէմ պայքարելու միտուած  եւ ձեռք  առնուած միջոցներու ընդհանուր ծիրին մէջ։

Ներկայ  պահու դրութեամբ  Այնճար  կարելի է մուտք գործել  բացառապէս գլխաւոր    մուտք-ճանապարհով, որն անշուշտ  կը գտնուի   Այնճարի քաղաքապետարանի    ոստիկանութեան  վերահսկողութեան  տակ։