Հայաստանի մէջ 28 օգոստոսի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 181 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Ընդհանուր առմամբ՝ 28 օգոստոսի -ին հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 43451 դէպք:
Ընդհանուր հետազօտութիւններու թիւը կը կազմէ 202253, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին` 1746 նոր հետազօտութիւն:
Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 5052 հիւանդ, նուազած է 101-ով:
Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 37264 անձ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին՝ 276 անձ:
Մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 5 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 869 է:
Արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 266: