image

«Քորոնա»ի 181 նոր վարակակիրներ. Մահերուն թիւը՝ 6

«Քորոնա»ի   181 նոր վարակակիրներ. Մահերուն թիւը՝  6

Հայաստանի մէջ  28 օգոստոսի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 181 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

 

Ընդհանուր առմամբ՝ 28 օգոստոսի -ին հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 43451 դէպք:

 

Ընդհանուր հետազօտութիւններու թիւը կը կազմէ 202253, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին` 1746 նոր հետազօտութիւն:

 

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 5052 հիւանդ, նուազած է 101-ով:

 

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 37264 անձ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին՝ 276 անձ:

 

Մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 5 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 869 է:

 

Արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 266: