image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապցիք լաւատես են. Յուլիսին առատ բերք կը սպասուի

Քեսապցիք լաւատես են. Յուլիսին առատ բերք կը սպասուի

«Քեսապի հայութեան վիճակը բաւական լաւ է եւ մեծ յոյսեր ունինք ,որ յառաջիկայ ամիս զբօսաշրջիկութեան իմաստով ալ շատ լաւ ամիս մը պիտի ըլլայ Քեսապի համար»,-«Արեւելք»ին յայտնեց Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան:

Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը նաեւ ըսաւ, որ ներկայիս իրավիճակը կայուն է եւ յառաջիկայ յուլիսին Լաթաքիայէն եւ Հալէպէն քեսապահայերու ծանօթներ կամ ազգականներ իրենց գիւղը պիտի գնան՝ իրենց ամառնային արձակուրդը անցընելու նպատակով: Պատուելին նաեւ մատնանշեց. «Այս տարի քեսապցիք մեծ ճիգեր գործադրեցին ու հոգ տարին իրենց պարտէզներուն, հետեւաբար շատ լաւ բերք կ՛ակնկալեն, մանաւանդ դեղձի եւ խնձորի: Քեսապի իրավիճակին բարելաւումը, ինչպէս վերը նշեցինք, զբօսաշրջութեան զարգացումէն եւ բերքի սպառումէն կախեալ է, որ չի յստականար մինչեւ բերքահաւաք եւ ապա, բերքի վաճառք»:

Պատուելին գոհացնելով մեր հետաքրքրութիւնը, մանրամասնօրէն բացատրեց բերքի սպառումի հանգրուանները, ըսելով, որ չի բաւեր բերքի լաւ ըլլալը, պէտք է նաեւ սուրիական շուկայի պահանջարկներուն հետ համընկնի, թէ չէ՝ գիւղացին պէտք է պահէ իր բերքը սառնարաններու մէջ, որպէսզի ապագային ծախէ զայն աւելի ընդունելի գինով: Ան նաեւ մատնանշեց, որ քեսապահայութիւնը վնասուց հատուցում ստացած է Սուրիոյ պետութենէն, անշուշտ կառավարութեան կարողութեան սահմաններուն մէջ:

Պատուելի Ղազարեան խօսեցաւ ամառնային ամէնօրեայ դպրոցի մասին, որ Քեսապի շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցին կը ձեռնարկէ, նշելով, որ Քեսապի Հայ Աւետարանական միացեալ նահատակաց վարժարանի բակին մէջ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-1:30 քեսապահայ եւ հալէպահայ մանուկներ դպրոց կը յաճախեն՝ սաղմոսներ, հայոց պատմութիւն, հայերէն լեզուի դասեր, աշխարհագրութիւն սորվելու, ինչպէս նաեւ խաղեր խաղալու եւ ազգային երգեր երգելու:

Վերջին երեք տարիներուն Քեսապի հայ աւետարանական  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօն ստանձնած պատուելի Ղազարեան իր խօսքի աւարտին նաեւ վստահեցուց, որ վերջին վեց ամիսներուն Քեսապէն արտագաղթողներ չկան: