image

Եղանակը պիտի ցրտէ Հայաստանի մէջ. Կը սպասուի՝ ձիւն

Եղանակը պիտի ցրտէ Հայաստանի մէջ. Կը սպասուի՝ ձիւն

Հանրապետութեան տարածքին՝ 21 դեկտեմբերի ցերեկը, 22-ի գիշերը, 25-26-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 22 Դեկտեմբերի ցերեկը առանձին շրջաններու մէջ, 23-24-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ առատ, լեռնային շրջաններուն եւ լեռնանցքներուն՝ բուք, ճանապարհներուն՝ մերկասառոյց: Այս մասին կը յայտնեն ԱԻՆ-էն։

 

Քամին՝ հիւսիս-արեւելեան՝ 5-10 մ/վ:

Օդի ջերմաստիճանը 25-26 դեկտեմբերի գիշերը աստիճանաբար պիտի նուազի 8-10 աստիճանով:

Երեւան քաղաքին մէջ՝ 21 դեկտեմբերի ցերեկը, 22-ի գիշերը, 25-26-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ 22 Դեկտեմբերի կէսօրէն ետք, 23-24-ին կը սպասուի ձիւն, գիշերը եւ առաւօտեան ճանապարհներուն՝ մերկասառոյց։