image

Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը Երեւան է

Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը  Երեւան  է

Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տ. Լեւոն Եպս.  Զէքիեան  Երեւան կը գտնուի: Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, թէ Գերապայծառ Տ. Լեւոն  Զէքիեան, երէկ ուշ    գիշերին   Պոլսէն ուղղակի թռիչքով մը ժամանած է  «Զուարթնոց»  օդակայան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Գերապայծառը պիտի մասնակցի  Հռոմի Պապին Հայաստան  տալիք  այցի  արարողութիւններուն: Նշենք, որ Լեւոն Սրբազան մօտիկ  կրօնաւոր  կը համարուի Հռոմի   Ֆրանչիսկոս Պապին եւ անոնց     մտերմութիւնը երկար տարիներու   արդիւնք է: Գերապայառ Լեւոն  Սրբազան Պոլսոյ առաջնորդի իր  բարձր պաշտօնին կոչուեցաւ  Հռոմի Սրբազան   Քահանայապետին յատուկ կարգադրութեամբ: 2015 Ապրիլին  Հռոմի   Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կատարուած արարողութեան ատեն  Սրբազան Հայրը Հռոմի  Պապին Գրիգոր  Նարեկացիի  Տիեզերական Վարդապետի կոչման դիմումը պատրաստող եւ ներկայացնող  հայ Կաթողիկէ գլխաւոր   սրբազանն  էր: