Ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Դոկտ. Հիլտա Չոպոյեան կը գրէ՝
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի երեկուայ երեւանեան ելոյթը կը պարունակէ վտանգաւոր տարրեր, զորս հայկական դիւանագիտութիւնը պետք է շատ արագ սրբագրէ եթէ չենք ուզեր որ յառաջիկայ ամիսներուն և տարիներուն Ատրպէյճանը բոլորին, ներառեալ `ԵՄ-ի համաձայնութեամբ, անարգել գրաւէ Հայաստանը: Ակնհայտ է, որ ԵՄ ը Ատրպէյճանէն չի պահանջեր անյապաղ ազատել ռազմագերիները, կը սատարէ Ադրբեջանի նոր պայմաններուն՝ ականապատուած տարածքներու քարտէսներ ձեռք բերելու համար ի դէմ այդ ազատ արձակման որ պատերազմական միջազգային օրէնքի սկզբունքներէն կը բխի. և վերջապէս ադրբեջանցի զինուորներու ներխուժած Հայաստանի տարածքները կը համարէ որպես «վիճելի տարածքներ»
ԵՄեան ապագայ կարեւոր ներդրումները Հայաստանի զարգացման գործին մէջ պէտք չէ հիմք հանդիսանան Հայաստանի կենսական շահերուն վնասելու. ընդհակառակն: