Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տ. Լեւոն Եպս. Զէքիեան Երեւան կը գտնուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, թէ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Զէքիեան, երէկ ուշ գիշերին Պոլսէն ուղղակի թռիչքով մը ժամանած է «Զուարթնոց» օդակայան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Գերապայծառը պիտի մասնակցի Հռոմի Պապին Հայաստան տալիք այցի արարողութիւններուն: Նշենք, որ Լեւոն Սրբազան մօտիկ կրօնաւոր կը համարուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին եւ անոնց մտերմութիւնը երկար տարիներու արդիւնք է: Գերապայառ Լեւոն Սրբազան Պոլսոյ առաջնորդի իր բարձր պաշտօնին կոչուեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին յատուկ կարգադրութեամբ: 2015 Ապրիլին Հռոմի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կատարուած արարողութեան ատեն Սրբազան Հայրը Հռոմի Պապին Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետի կոչման դիմումը պատրաստող եւ ներկայացնող հայ Կաթողիկէ գլխաւոր սրբազանն էր: