Անատոլուի բարենորոգումը մէկ քանի շաբաթէ ի վեր անսպառ նիւթ կը մատակարարէ թէ՛ տեղական եւ թէ եւրոպական մամուլին: Ամէն ոք Անատոլուով կը զբաղի եւ մէկ մէկ միջոց կ'առաջարկէ՝ այդ վրդովուած երկիրը անդորրութեան մէջ պահելու համար: Նոյնիսկ անգլիական թերթ մը, ինչպէս երէկ գրած էինք, Փեթեսպուրկէն առնելով կը տեղեկացնէր, թէ ռուս կառավարութիւնը լրջօրէն կը զբաղի Հայաստանի խնդրով եւ թէ Ռուսիա յառաջիկայ դեսպանախորհուրդին պիտի առաջարկէ իր հովանաւորութեան տակ ինքնօրինութիւն տալ Հայաստանի: Այսպէս, ամէն կողմէ յայտնուած կարծիքներուն ու ենթադրութիւններուն հակառակ՝ կառավարութիւնը պաշտօնապէս կամ անպաշտօն դեռ որեւէ բառ չէ արտասանած Անատոլուի եւ Հայաստանի բարեկարգութեան մասին:
Նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը գէթ այս անգամ իրական բարենորոգում մը պիտի ներմուծէ Անատոլուի մէջ եւ արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը պիտի ընդհանրացնէ ամէն կողմ, գոնէ Պոլսոյ մէջ այդ արդարութեան հաւաստիքը պէտք էր ընծայէր հայ ազգին, անոր արդար իրաւունքին յայտնի մէկ բռնաբարումին հանդէպ, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ ի գործ դրուած արդարութիւն մը կամ անիրաւութիւն մը ա՛լ աւելի բարձրաբարբառ է, քանի որ եւրոպական դեսպաններ, օտար թղթակիցներ, եւ վերջապէս օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործուելիք որեւէ անարդարութիւնը քննադատողներու լէգէոնը հոս՝ օսմանեան մայրաքաղաքի մէջ է որ կը գտնուի:
Չորս տարիէ ի վեր հայ ազգաին դէմ դատ կը վարէ Էվքաֆի նախարարութիւնը: Եւ ի՞նչ է դատին նիւթը, գիտէ՞ք: Ասկէ մօտաւորապէս 15 տարի առաջ, յանուն հիւանադանոցին կալուած մը գնուած է Ղալաթիոյ մէջ եւ Պատրիկ էֆէնտի Կիւլպենկեանի անուան փոխանցուած: Հայ ազգը այդ կալուածը այլ եւ այլ յաւելումներով ու շինութիւններով հասցուցած է 30,000 կամ ա՛լ աւելի ոսկիներու արժողութիւն բերող վիճակ մը, որ վարձուած է օսմանեան նամակատան կողմէ, իբր Ղալաթիոյ կեդրոնական ճիւղ: Եւ այս կալուածը կը պատկանի Ազգային հիւանդանոցին:
Առուծախի ժամանակ տեֆթերխանէի վարչութիւնը իր սովորական ամբողջ նրբութիւնները, բծախնդրութիւններն ու պրպտումները ի գոծ դրած, պատրիարքարանէն եւ ծախող կողմի իմամէն ու մըխթարէն եկած ինքնութեան թուղթերը, վաւերացուած իւրաքանչիւրին Թաղապետութենէն, խոր քննութենէ անցուցած է, եւ իր հսկայ տումարներուն հետ բաղդատելով ըստ այնմ արտօնած է տեղւոյն վաճառումը եւ հոն փոխանցուած է Պատրիկ էֆէնտի Կիւլպենկեանի անուան վրայ: Ազգը ստացած է նաեւ Տեֆթերխանէի թուղրայով սենետը խաքանին:
Այս ամէն գործողութիւններէն ետք, երբ այսօր տարիներ անցած են, Էվքաֆի վարչութիւնը ելեր կը պնդէ, թէ այս գետինը մահլիւլ է եւ թէ իբր միւլք ծախուիլը ապօրինի, հետեւաբար պէտք է առուծախը չեղեալ նկատելով Էվքաֆին վերադարձուի, առանց որեւէ փոխարութեան: .... ո՞րն է գիտէ՞ք: Հակառակ չորս տարիէ ի վեր ............................................
................................................................
Արդ, երբ 4-5 ձեռքերէ անցած կալուածի մը համար վերջին գնորդին դէմ դատ բացուի եւ կալուածը անոր ձեռքէն առաց փոխարինութեան գրաւել ուզուի, ի՞նչ արժէք կ'ունենայ Տեֆթերխանէի սենետը խաքանին: Ո՞վ կրնայ այլեւս վստահիլ անոր:
Ասիկա ո՛չ միայն հայ ազգին դէմ գործուած անիրաւութիւն մըն է, այլ առաւելապէս երկրին կալուածական վարկին տրուած ծանր հարուած մը:
Մնաց որ մարդ շատ միամիտ ըլլալու է կարծելու համար, որ հայ ազգի ձեռքէն 30,000 ոսկինոց կալուած մը անանկ շուտով կրնայ գրաւուիլ: Որչա՜փ հեռու: Այդ կալուածին փոխարժէքը տասնեակ փարայով հաւաքուած է եկեղեցիներու եւ խանութներու մէջ պտտցուած գանձանակներով եւ հասոյթն ալ յատկացուած է հազարէ աւելի հիւանդ, ծեր, անկար, որբ ու յիմար պատսպարեալներուն: Ասանկ գումար մը հայ ազգը երեսուն հազար անգամ խաչը չելած կրնա՞յ յանձնել միթէ պարզ վճիռով:
Իթթիհատի այնչափ դատափետուած դահլիճը փորձեց նախ ձրի գրաւել Բանկալթիի գերեզմանատան առջեւի մասը, բայց յետոյ երբ համոզուեցաւ, որ կարելիութիւն չկայ ատանկ անիրաւ ձերեկ մը առանց հայերուն մեծ դժգոհութեանը գլուխ հանել, իսկոյն համրեց փոխարժէքը՝ 150.000 օսմանեան ոսկի: Եւ հիմա Քեամիլ փաշայի մեծ դահլիճը, որուն հիմը ազգերու համերաշխութիւնն ու հաւասարութիւնն է, ի՞նչպէս կրնայ ներել որ ասանկ դատ մը դեռ շարունակուի իր օրով, որ բացարձակապէս անիրաւ ըլլալու հանգամանքէն զատ ծիծաղելի ըլլալու դժբախտութիւնն ալ ունի: Եւ Պոլսոյ մէջ երբ պատրիարք, փաստաբան, իրաւագէտ ամէն ճիգ կը թափեն եւ շարունակ նախարարութեանց դիմում կ'ընեն ու այս ակնյայտ անիրաւութիւնը կը գործուի հանդէպ հայ ազգին, ի՞նչպէս կ'ուզէք, որ համոզուինք, թէ Հայաստանի մէջ բարենորոգութիւն պիտի գործադրուի, հողային խնդիրը պիտի լուծուի եւ ընդհանուր արդարութիւնն է, որ պիտի տիրապետէ, երբ խեղճ ու կրակ գիւղացիները պարզ խօսիլ ու իրենց դատը պարզելը անգամ չեն գիտեր, ուր մնաց իրաւունքին պաշտպանելը:
Չէ՛, մենք կառավարութեան բարեկամ ենք, ու կը փափաքինիք թեւ-թիկունք ըլլալու արդի դահլիճին:Անիկա նեղ պարագաներու մէջ ցոյց տուաւ իր արիութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Կը սպասենք, որ այս խնդրոյ մէջ ալ ցոյց տայ իր վճռակամութիւնն ու արդարասիրութիւնը եւ եթէ Շերիին տրամադրութիւնները աններող են, Տեֆթերխանէին կամ Շէյխիւլիսլամութեան յանձնէ գործը, որպէսզի իրենք իրենց մէջ լուծեն խնդիրը՝ առանց հայ ազգը բացարձակ անիրաւութեան մը մատնելու:
29 Նոյեմբեր- 12 Դեկտեմբեր 1912