image

Իսրայէլ տարհանման նոր հրահանգ տուած է Լիբանանի բնակիչներուն

Իսրայէլ տարհանման նոր հրահանգ տուած է Լիբանանի բնակիչներուն

Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա»-ի միջեւ փոխադարձ հարուածները կը շարունակուին։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը առաւօտեան Հարաւային Լիբանանի երկու քաղաքներու բնակիչներուն տարհանման կոչ ըրած է՝ նշելով, որ «Հըզպալլա»-ի կողմէ հրադադարի համաձայնագրի խախտման պատճառով բանակը «ստիպուած է գործել անոր դէմ ուժային միջոցներով»։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։

Մինչ այդ Իսրայէլը «Հըզպլլա»-ն մեղադրած էր Հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերուն վրայ երկու ականանետային յարձակում գործելու համար։

Իր հերթին, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Մայիս 4-ին Իսրայէլի յարձակումներու հետեւանքով երկրին մէջ զոհուած է 17 մարդ։ Գերատեսչութեան տուեալներով՝ Ապրիլ 30-էն ի վեր իսրայէլեան հարուածներէն զոհուածներու թիւը հասած է 110-ի։

Իսրայէլը կը յայտարարէ, որ նոյն ժամանակաշրջանին իր 17 զինուոր սպաննուած է, եւ կը մեղադրէ «Հըզպալլա»-ն հարիւրաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակելու համար։

«Հըզպալլա»-ն չէ ստորագրած Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ Ապրիլին հաստատուած հրադադարը, սակայն խմբաւորումը յայտարարած էր, որ պիտի հետեւի հրադադարի պայմաններուն, եթէ Իսրայէլն ալ նոյնը ընէ։

Իսրայէլի զինուած ուժերու պնդմամբ՝ հրադադարի համաձայնութիւնը կը թոյլատրէ գործել «նախատեսուած, վերահաս կամ շարունակական յարձակումներուն» դէմ։

Երկու կողմերը զիրար կը մեղադրեն հրադադարի բազմաթիւ խախտումներու համար։

Լիբանանը ներքաշուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող հակամարտութեան մէջ այն բանէ ետք, երբ «Հըզպալլա»-ն, ի պատասխան Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլական հարուածներուն, Մարտ 2-էն սկսեալ յարձակումներ սկսաւ Իսրայէլի դէմ։