image
Հրատապ լուրեր:

Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը ներկայացուցած է ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան չորս գերակայութիւնները

Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը ներկայացուցած է ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան  չորս գերակայութիւնները

270 միլիոն եւրոյի դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրն ու անոր շրջածիրէն ներս եւս 2,5 միլիառ եւրոյի ներդրումները պիտի դառնան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն տնտեսական գործակցութեան հիմնասիւնը՝ ուղղուած հայկական գործարարութեան հզօրացման եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու ընկերային խնդիրներու լուծման։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը Մայիս 5-ին Երեւանի մէջ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ընթացքին։

Փոխադրային փոխկապակցուածութեան ծիրէն ներս Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը շեշտած է Հայաստանի բացառիկ դիրքն ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանային կապերու ամրապնդման առումով։ Անոր խօսքով՝ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ներդրումներ կատարելու սահմանակէտերու վերակառուցման մէջ, երբ դրացի երկիրներու հետ սահմանները բացուին, ինչ որ Հայաստանին թոյլ պիտի տայ դառնալ ռազմավարական փոխադրական հանգոյց։ «Ձեր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը ներուժ ունի կապելու Եւրոպան Հարաւային Կովկասի հետ եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ՝ վերածելով Հայաստանը անկիւնաքարային փոխադրական հանգոյցի»,- աւելցուցած է Ֆոն տեր Լայէնը։

 

Ուժանիւթային անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով ԵՄ-ն կը նախատեսէ աջակցիլ Հայաստանին՝ ուժանիւթային փաթեթի բազմազանեցման եւ արեւային ուժանիւթի զարգացման հարցով։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը տեղեկացուցած է ելեկտրահաղորդակցական ցանցերու եւ կուտակիչներու կառուցման համար յատկացուելիք յստակ ֆինանսական միջոցներուն մասին, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին ներկայ ուժանիւթային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ։

«Ասիկա արդէն կը ներառէ 25 միլիոն եւրօ՝ Կովկասեան ելեկտրահաղորդակցութեան ցանցի եւ ուժանիւթային կուտակիչներու կառուցման՝ ապահովելու ձեր մատակարարման անվտանգութիւնը»,- մանրամասնած է պաշտօնեան։

 

Անվտանգային գործընկերութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն մասին խօսելով՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը վերահաստատած է Եւրոպական խաղաղութեան գործիքի միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն սատարելու յանձնառութիւնը։ Ան շեշտած է, որ Եւրոպան պիտի օգնէ Հայաստանին դիմակայելու խառնածին (հիբրիտ) սպառնալիքներուն ու ապատեղեկատուութեան, միաժամանակ ընդգծելով, որ երկրի ներքին իշխանութեան միակ աղբիւրը ժողովուրդին կամքն է։

 

«Մէկ բան բացարձակապէս յստակ է՝ այս երկրին մէջ իշխանութեան միակ օրինական աղբիւրը հայ ժողովուրդին կամքն է»,- եզրափակած է Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը։