Եւրոպական Միութիւնը այսօր աւելի մեծ չափով ունի Թուրքիոյ կարիքը, քան վերջինս ունի անոր անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ իր նախագահութեամբ գումարուած նախարարներու խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն առիթով։
«Այսօր Եւրոպայի կարիքը Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի մեծ է, քան Թուրքիոյ կարիքը անոր նկատմամբ։ Վաղը այդ կարիքը աւելի պիտի մեծնայ»,- ըսած է Թուրքիոյ առաջնորդը՝ խօսելով Անգարայի եւրոհամարկման ձգձգուող գործընթացի մասին։
«Վերջին շրջանին մենք ականատես կ՚ըլլանք եւրոպական դերակատարներու կողմէ նախաձեռնուած քննարկումներու՝ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ կարգավիճակի վերաբերեալ։ Մենք ստիպուած ենք յստակութիւն մտցնել իրավիճակին մէջ․ այսօր հարցը այն չէ, թէ ուր կը գտնուի Անգարան, այլ այն, թէ ապագայի աշխարհին մէջ ուր կ՚ուզէ գտնուիլ Պրիւքսէլը։ Արդէն պէտք է յստակ ըլլայ, որ ԵՄ-ն, որուն մէջ Թուրքիան լիիրաւ անդամ չէ, պիտի չդառնայ համաշխարհային դերակատար եւ ձգողականութեան կեդրոն»,- նշած է Էրտողանը։
Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ նկատմամբ ԵՄ ռազմավարական կարճատեսութիւնը կը շարունակուի պահպանուիլ։
«Սակայն անոնք պէտք չէ մոռնան, որ Թուրքիան այսօր արդէն նախկին երկիրը չէ, եւ աշխարհը այլեւս սահմանափակուած չէ արեւմտեան պետութիւններու ազդեցութեան ոլորտով, ինչպէս նախապէս էր»,- շեշտած է Էրտողանը։
Թուրքիան պաշտօնապէս կը ձգտի Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան՝ 2005 թուականէն սկսեալ։ Բանակցային գործընթացի խոչընդոտներէն մէկը դարձած է Կիպրոսի հիմնախնդիրը։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը աւելի վաղ զգուշացուցած էր, որ ԵՄ անդամակցութիւնը երկրի ռազմավարական նպատակն է, սակայն Անգարան դէմ է իր անդամակցութեան հարցը Կիպրոսի կարգաւորման խնդրին կապելուն։