Միացեալ Նահանգները առգրաւած է Հնդկական ովկիանոսի մէջ կալանուած իրանական լեցանաւերու նաւթի մեծ մասը։ Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Salem News Channel-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Ասոր (նաւթի) մեծ մասը կ՚երթայ Միացեալ Նահանգներ»,- նշած է ան։
Թրամփ աւելցուցած է, որ Իրանի հարստացուած ուրանի պաշարները այլեւս մեծ արժէք չունին եւ, հաւանաբար, օգտագործման ենթակայ չեն։ Միեւնոյն ժամանակ ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին կ՚ուզէ ձեռք ձգել հարստացուած միջուկային վառելիքի այդ պաշարները։
Ան նաեւ նշած է, որ Թեհրանը ստիպուած պիտի ըլլայ սահմանափակումներ գործադրել իր հրթիռային ծրագրին վրայ։
Անդրադառնալով Ուքրանիոյ՝ Թրամփ նշած է, որ այդ երկրի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին «խորամանկ մարդ» է։ Ամերիկայի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Քիեւը կը շարունակէ պատերազմ մղել ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ մատակարարուող ամերիկեան զէնքի շնորհիւ։