Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Յիշեցնենք, որ Մաքրոնը Հայաստանի մէջ է պետական այցելութեամբ։ Այսօր նախատեսուած են անոր բանակցութիւնները Փաշինեանի հետ եւ փաստաթուղթերու ստորագրում։
Երեկոյեան Փաշինեանն ու Մաքրոնը պիտի այցելեն Գիւմրի եւ պիտի մասնակցին հայ-ֆրանսական բարեկամութեան նուիրուած համերգին։