Երեւան ժամանած են ատրպէյճանցի փորձագէտներ, որոնք պիտի մասնակցին «Երեւանեան երկխօսութիւն-2026» միջազգային համաժողովին։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Համաժողովի օրակարգի համաձայն՝ միջոցառման պիտի մասնակցին ատրպէյճանցի քաղաքագէտներ Ֆարհատ Մամետովը, Ռուսիֆ Հուսէյնովը և Զաուր Շիրիեւը։ Անոնք «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան մասնակիցներ են։